Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանին: Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար երկու այժմէական նիւթեր՝ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Արցախի հարցը։
Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց կարելի փութով բոլորին կողմէ ընդունելի եւ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը արտայայտող նախագահի մը ընտրութիւնը, որուն պէտք է անմիջապէս յաջորդէ ընկերատնտեսական բարեկարգութիւնը։
Արցախի հարցին անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքին անյապաղ վերաբացումը, որուն պատճառով շուրջ 120,000 հայեր տագնապի մատնուած են։ Ան նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման հրամայականը եւ յոյս յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ միջազգային համայնքը իր գործնական աջակցութիւնը բերէ։
Կարդացեք նաև
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ