Արցախ օրհասական օրեր կ՛ապրի՝ միջազգային հանրութեան ամբողջական անտարբերութեան դիմաց։ Աւելի քան ինը ամիսէ ի վեր շրջափակման ապա պաշարման ենթարկուած Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերը եւ եղբայրները ոգի ի բռին կը պայքարին, որպէսզի հողը չկորսնցնեն, մնան ու ապրին իրենց հայրենիքին մէջ՝ դիմագրաւելով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ սովամահութեամբ ցեղասպանութեան ենթարկուելու իսկական վտանգը, որուն ի տես ամբողջ աշխարհը կը շարունակէ քար լռութիւն պահել եւ միայն ատեն ատեն բաւարարուիլ կոչեր արձակելով։
Արցախցիներուն մղած գոյատեւման պայքարին զուգահեռ՝ Երեւանի իշխանութիւններուն հետ արցախեան հարցին առնչութեամբ տարակարծութիւններ ունենալու մասին Արցախի նախագահին յայտարարութիւնները նաեւ կու գան ջուրին երեսը հանելու քաղաքական- դիւանագիտական այն թերի իրավիճակը, որ այսօր տիրական է հայկական քաղաքական օրակարգին մէջ։
Արցախեան օրակարգը մէկ հիմնական խնդիր ունի ներկայիս։ Արցախցիներուն ֆիզիքական գոյատեւման հարցը, որ կարիքը ունի անյետաձգելի եւ արագ լուծումներու, որովհետեւ այս ընթացքը քիչ մը եւս շարունակուի, բոլորիս աչքերուն առջեւ արցախահայութիւնը զոհ պիտի երթայ սովի եւ ցեղասպանական ոճիրի մը, որ պատահելէն ետք՝ կրնայ բուռն դատապարտանքի ալիք մը բարձրացնել: Սակայն այս մէկն ալ ապարդիւն պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով, որ ցեղասպանութիւնը գործադրուած եւ պատմութեան ճակտին սեւ արատ մը եւս քսուած պիտի ըլլայ։
Ներկայ իրավիճակին հանգամանքներուն մէջ հիմա կարեւոր չէ, թէ ո՞վ է պատասխանատուն այս օրհասական վիճակին։ Քաղաքական քայլերը, որոնք կ՛առնուին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ, բնաւ անակնկալ մը չեն եւ ատոնք նկատի պէտք է առնուած ըլլային Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր՝ Հայաստանի պետութեան իշխանութիւններուն կողմէ։ Հաշուի առնել կը նշանակէ հակաքայլերու պատրաստ ըլլալ, որպէսզի երբ ատրպէյճանցիները իրենց քաղաքականութիւնը ի գործ դնէին, ինչ որ է պարագան Բերձորի անցքին աւելի քան ինը ամսուան ամբողջական փակման, հակազդեցութիւնը եւ իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու միտուած քայլերը ըլլային համահունչ՝ ստեղծուած իրավիճակին։ Այսօր կացութիւնը ասիկա ցոյց չի տար դժբախտաբար, մինչ արցախցիները կը գահավիժին սովին անդունդը։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում