Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արցախն ԱԺ ներկայ նախագահով իր իրաւադրոյթներուն տէր կանգնելու յանձնառութիւնը կը վերանորոգէ եւ հայկական աշխարհին ուղերձ կ՛ուղարկէ իրեն նման ամբողջովին միաւորուելու. «Ազդակ»

Օգոստոս 09,2023 10:29

Արցախի Ազգային ժողովի նոր նախագահի ընտրութիւնը քանի մը ուղղութեամբ կարեւոր հունաւորումներու վրայ լոյս կը սփռէ ինչպէս արտաքին, այդպէս նաեւ ներքին առումներով:

Ներազգային պարունակի մէջ, լուսարձակի տակ կ՛առնուէր Ազգային ժողովի միաւորումը կարեւորագոյն յայտարարութիւններուն եւ դիրքորոշումներուն շուրջ: Իբրեւ պետական օրէնսդիր հաստատութիւն Արցախի Ազգային ժողովը բազմաթիւ անգամներ փաստեց, որ գիտէ ջնջել ընդդիմադիր-իշխանամէտ բոլոր բաժանարար գիծերը եւ միաւորուիլ Արցախի անվտանգութեան եւ սահմանադրականօրէն ամրագրուած բոլոր բնոյթի իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին շուրջ: Հասարակութիւնը` նոյնպէս: Մեծածաւալ հանրահաւաքները եւ այնտեղ հնչած կարեւորագոյն միտքերը կը շեշտէին միաւորուած ըլլալու փաստը:

Երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ իշխանական մեծամասնութիւնը կ՛առաջադրէ ընդդիմադիր ներկայացուցիչին թեկնածութիւնը, թէ ընդդիմադիր կարգավիճակ ունեցող Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ այս ձեւով քաղաքագիտական ի՞նչ կարգավիճակ կ՛ունենայ եւ այլն: Փաստը աւելի խորքային է, աւելի հրամայական: Արցախը Ազգային ժողովի ներկայ նախագահով իր սահմանադրական իրաւադրոյթներուն տէր կանգնելու յանձնառութիւնը կը վերանորոգէ եւ հայկական աշխարհին ուղերձ կ՛ուղարկէ իրեն նման ամբողջովին միաւորուելու:

Երեւոյթը ուրեմն, ոչ միայն Արցախի քաղաքական դաշտի վերադասաւորման նախանշային իմաստ ունի, այլ նաեւ Արցախէն կրնայ տարածուիլ հայկական աշխարհին մէջ` պարտադրելով համախմբումը, միաւորումը:

Քաղաքական իմաստով նախ յստակօրէն կը մեկնաբանուի այնպէս, որ Ազգային ժողովը, Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող մարմինը կը հեռանայ Երեւանի զիջումնային պարտադրանքներու ազդեցութեան դաշտէն: Առարկայական ըլլալու համար պէտք է յիշել թէ՛ ապաբռնագրաւման օրէնքը, թէ՛ տարբեր առիթներով Արցախի Ազգային ժողովի կատարած յայտարարութիւնները. մանաւանդ վերջինը` միջազգային հանրութեան դիմելու կոչը` «Ճանաչում յանուն փրկութեան» միջազգային իրաւաչափական սկզբունքին հիման վրայ:

Այսպիսով, նշաձողը կը վերատեղադրուի իր տեղը, եւ Ստեփանակերտը միակամ մերժած կ՛ըլլայ Երեւանի ճանաչումը Արցախին` իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս:

Պատասխան կայ այս բոլորին մէջ ուղղուած Ալիեւին եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին: Պաքուն առիթ չի փախցներ պահանջելու Արցախի բանակին զինաթափումը եւ պետական հաստատութիւններու ինքնալուծարումը: Պետական կարեւորագոյն հաստատութիւններէն օրէնսդիր մարմինը այսպիսով նոր գործառոյթներու եւ նախագահական հիմնարկին հետ աշխատանքները համակարգելու առաքելութիւն կը ստանձնէ: Միջազգային հանրութիւնն ալ կ՛իմանայ, որ գործ ունի գործադիր- ընդդիմադիր բաժանումները ջնջող, միաւորուած եւ իր ինքնորոշման իրաւունքին տէր կանգնող ժողովուրդը ներկայացնող պետութեան հետ, որ վճռած է անշեղ մնալ ազատամարտով կերտուած հանրապետութեան դաւանած բոլոր սկզբունքներու, արժէքներու եւ իրաւունքներու արցախեան երթէն:

Երեւանէն միջազգային ընտանիք, հասնելով Պաքու, այլեւս գործ ունին պետական համակարգի մը հետ, որ ընդունած է իր սահմանադրութիւնը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031