«Ազդակ». Կիպրահայ խումբ մը ազգայիններ, նկատի ունենալով Արցախի մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամը եւ մօտ ութ ամիս Ազրպէյճանի կողմէ խորացող շրջափակումը, անցեալ ուրբաթ օր դիմեցին ցուցական աքթի մը: Մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ, Ազրպէյճանի «Կապալա» ֆութպոլի խումբը, Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ հանդիպեցաւ Կիպրոսի «Օմոնիա» խումբին հետ:
Իբրեւ նշանաբան ունենալով «Շրջափակման դիմաց շրջափակում»-ը` մրցումի աւարտին 50 կամաւորներ փակեցին այն դարպասը, որմէ ազերիներու հանրակառքը պիտի հեռանար: Ազերիներուն մօտ մէկ ժամ պաշարելէ ետք, թոյլ տրուեցաւ, որ հեռանան:
Մինչ այդ, ազերիները 4-1 պարտութիւն մը կրեցին: