Մինչ թուրք- ատրպէյճանական ճակատը կը հետապնդէ իր համաթուրանական ծրագիրը, միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ կոչեր արձակել, ապարդիւն միջնորդութիւններ կատարել եւ ամբողջութեամբ անտեսել կամ մտահան ընել, որ օրերը կը սահին, Արցախի պաշարումը չափազանց վտանգաւոր եւ ծանր իրավիճակ մը կը ստեղծէ եւ արցախցիները ցեղասպանութեան մը զոհ երթալու իսկական վտանգին տակ կը գտնուին։
Ի տես Արցախցիներուն դիմագրաւած տագնապալի կացութեան, միջազգային ընտանիքին վարած քաղաքականութիւնը եթէ ջայլամի քաղաքականութիւն չէ, ապա ամէնէն մեղմ բնութագրմամբ, ամբողջական անտեսումն է Արցախահայութեան արդար եւ իրաւացի պահանջներուն, որոնք միջազգային քաղաքական շահերու զոհ կ՛երթան։ Արցախահայութեան դիմագրաւած սովը, որ իրական սպառնալիք մըն է, ոչինչ կը նշանակէ որոշումներու մայրաքաղաքներու եւ հարթակներու համար, որոնց միակ նպատակը իրենց սեփական շահերու հետապնդումն է։ Ասիկա հասկնալի է եւ անիրատեսական պիտի ըլլար ակնկալել, որ Արցախի պարագային արդարութիւնը աւելի ծանր պիտի կշռէր քարիւղէն, տնտեսական ծրագիրներէն, ռազմաքաղաքական շահերէն եւ այն ամէն ինչէն, զորս կը հետապնդուին միջազգային տարբեր դերակատարներու կողմէ։ Քաղաքական տհասութիւն պիտի ըլլայ խորհիլ, որ որոշումի մայրաքաղաքներ իրենց շահերուն հաշւոյն Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար ճակատին Ատրպէյճանի դէմ։
Սակայն այս կացութեան մէջ Երեւանի իշխանութիւնները ընելիք ունին։ Առանց ձգձգման պէտք է դիմուի Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդ,որպէսզի Արցախահայութեան բնաջնջման առաջքը առնուի։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա- Ատրպէյճան ճակատը կը շարունակէ իր Արցախաջինջ քաղաքականութիւնը, Ռուսիա ամբողջական լռութիւն կը պահէ եւ Արեւմուտքը մերթ ընդ մերթ կոչերով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կը դիմէ, Երեւանի իշխանութիւնները իրենց ամբողջական ուշադրութիւնը եւ աշխատանքը պէտք է կեդրոնացնեն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան վրայ, որպէսզի իսկապէս կանխարգիլուի մերօրեայ ցեղասպանութիւն մը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում
Կարդացեք նաև
Լուսանկարը՝ Դավիթ ՂԱՀՐԱՄԱՆՅԱՆԻ