Բերձորի միջանցքը եւ համանուն շրջանը եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ Արցախեան տագնապին էական խնդիրներէն մին, որուն շուրջ կայացած բանակցութիւններուն բոլոր հանգրուաններուն՝ 1997 Փաթեթային տարբերակ, 1998 փուլային տարբերակ,2001 Քի Ուեսթ, 2007 Մատրիտեան սկզբունքներ եւ Նոյեմբեր 9, 2020-ի յայտարարութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի եւ հաղորդակցութեան իր չափազանց կարեւոր դերով՝ Բերձորը թնճուկ մըն է, որ կարիքը ունի ամբողջական եւ համապարփակ լուծման մը, որպէսզի ապահովուի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային հաղորդակցութիւնը։Կապ մը, որ իր ռազմաքաղաքական եւ մարտավարական չափազանց կարեւոր դերակատարութեամբ, անկասկած աշխարհագրական էական տուեալ մըն է, որ իր գործունէութեամբ կ՛երաշխաւորէ Արցախի եւ արցախահայութեան գոյութիւնը։
1997-ի փաթեթային տարբերակով Բերձորի միջանցքը վարձակալութեան սկզբունքով պիտի յանձնուէր Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան, որ ըստ բանակցային տրամաբանութեան, միայն Արցախի իշխանութիւններուն արտօնութիւն պիտի տար, որ միջանցքը գործածէր։ Ասիկա կը նշանակէր, որ Բերձորի միջանցքը կը վերածուէր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի մը՝ ԵԱՀԿ-ի հովանաւորութեամբ։Իսկ նոյն տարուան ընթացքին բանաձեւուած փուլային տարբերակին մէջ կը նշուէր,որ Արցախի կարգավիճակի խնդիրը կը մնար ապագային քննարկուելիք նիւթ մը, մինչ Բերձորի միջանցքը եւ համանուն քաղաքը ամբողջութեամբ կ՛անցնէր հայկական հսկողութեան տակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին տարածքին հետ։Փաթեթային տարբերակով Բերձոր քաղաքը Ատրպէյճանի պիտի վերադարձուէր՝ քաղաքը շրջանցող մայրուղիի մը կառուցումէն ետք։
Ինչ կը վերաբերի 1998-ին բանակցութիւններու սեղանին դրուած՝ ընդհանուր պետութիւն պատկերացման, ապա դարձեալ Բերձորի միջանցքը ընդհանուր առմամբ կը մնար հայկական հսկողութեան տակ, մինչեւ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային հաղորդակցութեան համաձայնագրի մը ընդունումը։ Տեղին է նշել,որ ընդհանուր պետութիւն հասկացողութեամբ՝ Արցախը եւ Ատրպէյճանը մէկ ընդհանուր պետութեան մը մաս պիտի կազմէին՝ Ատրպէյճանի միջազգային ճանաչում ունեցող սահմաններուն մէջ։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում