Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

«Հայաքուէ»-ն կը հանդիսանայ հայութիւնը Արցախի պաշտպանութեան գաղափարի շուրջ համախմբելու եզակի հարթակը․ «Հայրենիք»

Հուլիս 29,2023 10:10

Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հայութիւնը կ’ապրի օրհասական օրեր. Արցախը արդէն եօթ ամիսէ ի վեր պաշարման մէջ է ու գոյաբանական պայքար կը մղէ թշնամու դէմ։ Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռքերը լուացած են Արցախէն ու կը պատրաստուին ամրապնդել մեր թուացեալ պարտեալի կարգավիճակը, շտապելով ստորագրելու «խաղաղութեան պայմանագիր» մը։ Այս բոլորին առջեւ՝ սփիւռքի հայութիւնը հիասթափուած է, շուարած, կարծես ինքն իր մէջ ամփոփուելու հակուած։ Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային մտածողութեան տէր հանրութիւնը կը զգայ անզօր ու յուսալքուած։ Այս ենթապատկերին առջեւ, «Հայաքուէ» («Հայաքվէ») նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ եզակի առիթ մը՝ վերալիցքաւորելու ազգային շարժումը ու միաւորելու ազգային հանրութիւնը։

Շարժումի իրաւական նպատակը օրինագիծի մը ընդունումն է, որ պիտի քրէականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ պաշտօնեայի կողմէն Արցախը այլ պետութեան մաս կազմելու կոչ եւ արարք կամ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան նսեմացման նպաստող կեցուածք։ Այս իմաստով, նախաձեռնութեան իրաւական նպատակը ինքնին արժէքաւոր է, որովհետեւ սոյն օրինագիծի ընդունումը պիտի դժուարացնէ վերոյիշեալ դիրքորոշումներու արտայայտութիւնը հայ պաշտօնեաներու կողմէ։

Ոմանք, սակայն, իրաւացիօրէն կը հարցադրեն նախաձեռնութեան իրաւական նպատակի իմաստը։ Անոնց համար յստակ է, որ Ազգային ժողովի ՔՊ-ական (Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւն) մեծամասնութիւնը ամէն խոչընդոտ պիտի ստեղծէ արգելակելու համար օրինագիծի ընդունումը։ Ուրիշներու համար, տրուած ըլլալով Արցախի իրավիճակի օրհասական բնոյթը, այսպիսի նախաձեռնութիւն մը անտեղի է, որովհետեւ կտրուկ լուծումներ չ’առաջարկեր։ Այսպիսի մօտեցումները սակայն, մեզ պէտք չէ շեղեն «Հայաքուէ»-ին աջակցելէն, որովհետեւ այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնն ու իմաստը շատ աւելին են, քան զուտ առաջադրուած իրաւական գործընթացը։

«Հայաքուէ»-ի ուժը կը կայանայ երկու հիմնական ազդակներու մէջ․

2021-ի համապետական ընտրութիւններու ընթացքին, իշխող ՔՊ կուսակցութիւնը, իր նախընտրական ծրագրով յանձնառութիւն կը ստանձնէր հետամուտ ըլլալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան, «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքի հիման վրայ։ Վերընտրուելէն յետոյ, փաստօրէն խաբելով զինք ընտրողները, իշխանութիւնը արդէն կը սկսէր «նշաձողը իջեցնելու», Արցախը Ատրպէյճանի որպէս մաս ճանչնալու գործընթաց։ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ողջ հայ ժողովուրդը յուզող համազգային հարց է, եւ այս իշխանութիւնը չունի այդ մասով որոշում կայացնելու որեւէ լիազօրութիւն։ ՔՊ-ի կեցուածքը չի ներկայացներ հայ ժողովուրդի խօսքը, եւ «Հայաքուէ»-ն կու գայ այդ իրողութիւնը ամրագրելու, օգտագործելով ժողովրդավարական յատուկ գործառոյթ։ Այս նախաձեռնութեան սատարելով, մենք յստակ ուղերձ է որ կը յղենք արտաքին ուժերուն, որ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի վերաբերեալ տրուած որեւէ որոշում առ ոչինչ է, եւ որ հայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը պատրաստ է պաշտպան կանգնելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին։

«Հայաքուէ»-ն նաեւ կը հանդիսանայ հայութիւնը Արցախի պաշտպանութեան գաղափարի շուրջ համախմբելու եզակի հարթակը։ Նախաձեռնութիւնը քաղաքացիական բնոյթ ունի, որ կարեւոր դրական ազդակ է «քաղաքականութեամբ զբաղուիլ չուզող» լայն զանգուածներու համար։ Նախաձեռնող խումբի անդամներու մեծամասնութիւնը ազնիւ, երիտասարդ, հայրենիքին նուիրուած, լաւ կազմակերպուած գործիչներ են, որոնք չեն կապակցուած անցեալի որոշ բացասական երեւոյթներու հետ, եւ հետեւաբար շատ աւելի նուազ խոցելի են իշխանական «նախկին-ներկայ» քարոզչական կեղծ արշաւներու դիմաց։

Կարէն ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31