«Եռագոյն». Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը հաղորդագրութեամբ կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը ամբողջական պաշարումի վերածելու գործողութիւնները: Առ այդ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանեան «Հայաքուէ» խորագրով օրէնսդրական նախաձեռնութեան:
Նախաձեռնութեան հեղինակները կ’առաջարկեն քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարել եւ Հայաստանի անունով Արցախը ազրպէյճանի մաս ճանչցող պաշտօնատար անձերու համար որպէս պատիժ սահմանել բանտարկութիւնը:
Ուրեմն 21-րդ դարուն, այսպիսի աննախադէպ բարբարոսութիւն պէտք չէ անտեսուի քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւասու կառոյցներուն կողմէ: Նշելի է նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ խուսափին իրենց պատասխանատուութենէն: Արդ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը կ’ողջունէ «Հայաքուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը:
Հոդվածն ամբողջությամբ ՝ «Եռագոյն»-ում