Լաչինի միջանցքին փակումը քաղաքական լարուածութիւն յառաջացուց՝ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ, որոնք հերթաբար Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ատրպէյճանցի եւ ռուս դեսպանները արտաքին գործոց նախարարութիւններ կանչեցին եւ իրենց պահանջն ու դժգոհութիւնը յայտնեցին։ Պահանջողը Մոսկուայի իշխանութիւններն էին, իսկ դժգոհը՝ Պաքուի իշխանութիւնները։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Անտրէ Ռուտինքօ Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուէն պահանջեց անյապաղ վերաբանալ միջանցքը։
Մոսկուա- Պաքու լարուածութեան հիմնական նիւթին վերածուած՝ Լաչինի միջանցքին վերաբացման հաւանականութիւնները կրնան յառաջիկայ օրերուն ռուսեւատրպէյճանական յաւելեալ լարուածութեան պատճառ դառնալ։ Ասիկա նկատառելի է Մոսկուայի եւ Պաքուի գործածած դիւանագիտական բառապաշարին մէջ։ Սակայն ամէնէն մտահոգիչը Շարլ Միշէլի կողմէ միջանցքը իբրեւ ճանապարհ ներկայացնելու միտումնաւոր փորձն է, որ պէտք է արժանանայ հայկական դիւանագիտութեան համապատասխան հակազդեցութեան։ Բոլորին եւ մանաւանդ ներկայիս աշխուժ միջնորդութիւն կատարող եւրոպացիներուն համար շատ յստակ պէտք է ըլլայ, որ Լաչինը միջանցք է։ Այդպէս ալ պէտք է գործէ։Նոյնիսկ ամէնէն աննշան խեղաթիւրումը ի վնաս Արցախին է։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: