Մոսկուայի արձագանգը կամ պատասխանը Էրտողանի յայտարարութեան, թէ` ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն համաձայնուած ժամկէտի աւարտին, անմիջական չէր:
Զախարովան կը պատասխանէ, որ Անգարան ընդհանրապէս եռակողմ համաձայնութեան համաձայն չէ:
Մոսկուայի ներկայացուցիչը անշուշտ չի բաւարարուիր Թուրքիոյ անհամաձայն ըլլալու յիշեցումով: Կը վերահաստատէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ կարեւոր կայունացնող դեր ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որուն հիմնական գործառոյթը հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վիճակի պահպանումն է:
Աղտամի կեդրոնը տարածաշրջանային համագործակցութեան տարողութիւն ունի, որովհետեւ ռուս-թուրք համաձայնութեամբ կայացած համատեղ խաղաղապահ գործունէութիւն է: Էրտողանի զգուշացումը ուրեմն այդ համակարգուած տարածաշրջանային գործակցութեան հարուած է: Աւելի՛ն: Այս ձեւով Մոսկուայի ներկայացուցիչը կ՛ըսէ, թէ բացառապէս միայն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հեռացման խնդիր չի կրնար դրուիլ առանձին: Ռուսական զօրակազմի հեռացումը կ՛ենթադրէ նախ թրքական զօրախումբի հեռացում եւս, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան կեդրոնի չեղարկում:
Հիմա զգուշացումը Մոսկուան է, որ կ՛ուղղէ Անգարային: Չկայ ռուսական զօրակազմի հեռացում, այնքան ատեն որ լարուած իրավիճակ է. հեռացումի պարագային անիկա չի կրնար ըլլալ միակողմանի: Թրքական զօրախումբը եւս պէտք է ցտեսութիւն ըսէ Հարաւային Կովկասին, ուր մուտք գործած էր ռուսական համաձայնութեամբ:
Կարդացեք նաև
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: