Հաշուի առնելով մեր ժողովուրդին սպառնացող նոր ցեղասպանութեան մը ենթարկելու իսկական այս աղէտը, Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է որ ստեղծենք համահայկական կառոյց մը՝ գլխաւորութեամբ պատմականօրէն ճանաչում ստացած բոլոր համազգային կազմակերպութիւններուն, որուն մէջ պէտք է տեղ տրուի բոլոր օրինական կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններուն:
Անշուշտ թէ մեծ մարտահրաւէր մըն է այս նախաձեռնութիւնը, ուր պէտք է կարենանք հասունութիւն ցուցաբերել մէկդի դնելով մեր քաղաքական, յարանուանական, եկեղեցական կամ այլ բոլոր ներքին տարակարծութիւնները: Մեր բոլոր եկեղեցական կառոյցները. ՀԲԸՄիությունը, քաղաքական ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները, Ամերիկայի Հայկական Համագումարը եւ այլ՝ նման կազմակերպութիւններ պէտք է մասնակից ըլլան այս գործօն հաւաքականութեան զոր կարելի է պարզապէս անուանել «Արցախի Փրկութեան Համաշխարհային Համահայկական Շարժում»:
Իրազեկ ենք անշուշտ, եւ յատկապէս ես անձնապէս կը գիտակցիմ այն մեծ դժուարութիւններուն, զորս կրնայ դիմագրաւել այսպիսի նախաձեռնութիւն մը: Մարտահրաւէրը այդ բոլորը յաղթահարելու կամ շրջանցելուն մէջն է, նկատի ունենալով աղէտին մեծութիւնը:
Թէեւ ոչ միակը, սակայն գլխաւոր նպատակը այս շարժումին պարտի ըլլալ հայաշատ բոլոր երկրներուն մէջ ստեղծումը միջազգային տեղեկատուութեան այնպիսի ուժգնութեամբ ալիքի մը, որ Ազերի ցեղասպանական ոճրային շարժումներուն լրատուութիւնը, Ուքրանական աղէտին լուրերուն հետ համեմատելի սկսի դառնալ: Պէտք է մանաւանդ լրատուութեանց բառապաշարէն ամբողջովին ջնջել շարունակաբար Արցախահայութիւնը որպէս Ատրպէյճանը բաժանման առաջնորդող «անջատողական խմբակ» ներկայացնելու ներկայ ձեւակերպումը, որ տարածուած է միջազգային մամուլին մէջ: Արցախի գոյութիւնը ոչ մէկ կերպով կ՛առնչուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան:
Կարդացեք նաև
«Արցախի Փրկութեան Համաշխարհային Համահայկական Շարժումը» նոյնքան պահանջկոտ խստութեամբ պարտի Հայաստանի իշխանութիւններէն ակնկալել եւ պահանջել, որ անոնք, ստիպողական թափով եւ անմիջապէս ձեռնարկեն միջազգային գործողութեանց, պետութեանց մակարդակով: Առաջին հերթին պէտք է անմիջապէս եւ կրկնակի պահանջեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին միջամտութիւնը: Պէտք է պահանջեն, որ ՄԱԿ-ը միջազգային ռազմական կամ ոստիկանական միջամտութեամբ պարտադրէ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին անմիջական բացումը:
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» թերթի այսօրվա համարում: