Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի
Արդէն վեցերորդ դաշնակցական գործիչն է Արեւմտեան Եւրոպայի ( Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) մեր շարքերէն, որուն մուտքը կ‘արգիլուի Հայաստան:
Ասլան Ասլանեան, Ալմելոյի (Հոլանտա) մեր գործունեայ անդամներէն, հանդերձ ընտանեօք կը մեկնէր Հայրենիք՝ ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր բանակումին մասնակցելու, երբ սահմանին վրայ, օդակայանին մէջ կ‘արգիլուի անոր մուտքը:
Թուրքին հետ սիրաբանութեան մէջ եղող, Արցախը թշնամիին զիջած, պարտուած, արտաքին թէ ներքին ճակատներու վրայ հեղինակազրկուած իշխանութիւնները, ԱԱԾ-ի մեղսակցութեամբ եւ գործակցութեամբ, յայտնապէս վտանգ կը նկատեն դաշնակցական ակտիւիսթը քան թուրք քաղաքացին, որ այսօր հեզասահ մուտք կը գործէ Հայաստան:
Կարդացեք նաև
Ամօթի որեւէ խայծ չունեցող ապազգային այս իշխանութիւնները շատոնց հատած են անընդունելիի սահմանը: Մէկ բան յստակ պէտք է իմանան, սակայն, բոլորը, որ նմանօրինակ ճղճիմ ու վատոգի արարքներով անկարելի է կոտրել հայրենասէր ոեւէ հայ մարդու, առաւել՝ երդուեալ դաշնակցականի յանուն Ազգի, Հայրենիքի ու Հայ Դատի մարտնչող պայքարի ոգին: Ընդհակառակն, այդ ոգին կ‘ամրագրուի աւելիով, կը բազմապատկուի աւելի քան երբեք:
Այս հալածանքի հոլովոյթին վերջ կը տրուի այն ատեն միայն, երբ ազգովին կը ձերբազատինք չարիքի այս իշխանութենէն, երբ կը հեռացուի թրքահաճոյ նեխած քլանը:
Վերջապէս, աւելորդ է հարկաւ յայտնել, որ ընկեր Ասլան Ասլանեան կը վայելէ մեր բոլոր շարքերուն անվերապահ զօրակցութիւնը: Մենք միասնաբար պարտութեան կը մատնենք դժխեմ այս հոլովոյթին ետին կանգնող գլխաւոր թէ երկրորդական դերակատարները, որոնց ձեռագիրին ծանօթ ենք լաւապէս եւ կը վերականգնենք արդարութիւնը ամէն գնով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէ
Փարիզ, 20 Յուլիս 2023