Վերջերս բոլորս լսեցինք Պաղեստինի Երուսաղէմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին: Ոմանք ցնցուեցան այդտեղէն եկող լուրերէն, շատեր ալ բնաւ չհետաքրքրուեցան անոնցմով: Առաջին բանը, որ անձամբ ես մտածեցի. «Նորէ՜ն, նորէ՞ն մեր արիւնով եւ քրտինքով վաստակածը երկու կաթիլ մելանով ուրիշին պիտի տանք»:
Եթէ համառօտակի պատմենք տեղի ունեցածին մասին, ապա Պաղեստինի Երուսաղէմ քաղաքին պարսպապատ բաժինը, որ նաեւ կը կոչուի «Հին քաղաք», բաժնուած է չորս մասերու, որոնցմէ մէկը «Հայկական թաղամաս»-ն է, ուր կը գտնուին Սրբոց Յակովբեանց վանքն ու պատրիարքարանը, Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի ակումբները, Մարտիկեան թանգարանը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» գրադարանը` այլ հաստատութիւններու եւ կալուածներու կողքին, եւ այդտեղ կ՛ապրին քանի մը հարիւր հայեր:
Այդ կալուածներէն մէկը ժողովուրդին կողմէն կը կոչուի «Կովերու պարտէզ», նաեւ կը կրէ «Հայկական պարտէզ» անունը:
«Հայկական պարտէզ»-ի վարձակալութեան կամ ծախուելու դէպքերու յաջորդականութեան համաբնագիրին մէջ առաջին լուրը, որ կը տարածուի, այն է, թէ «Հայկական թաղամաս»-ին տարածքին մէջ գտնուող ինքնաշարժներու կայանատեղին մաքրելու համար հարկաւոր է մինչեւ մէկ միլիոն տոլար, եւ պատրիարքարանը այս պատրուակը կու տայ տարածքը տասը տարիներով Երուսաղէմի իսրայէլական քաղաքապետարանին վարձու տալուն համար:
Կարդացեք նաև
Այսինքն իսրայէլցիները զայն մաքրելէն ետք բարելաւուած տարածքը ի վերջոյ կը վերադարձնեն հայերուն, եւ այսուհետեւ, «Հայկական թաղամաս»-էն ոչ շատ հեռու, «Հրէական թաղամաս»-ի տարածքին մէջ գտնուող Արեւելեան պատը (2) այցելող իսրայէլցիները նոյն այս կայանատեղին կրնան գործածել:
Սակայն կը պարզուի, որ այս պնդումը սուտ է` թէ՛ յայտարարուած տարածքը եւ թէ՛ վարձակալութեան ժամկէտը:
Ըստ Սրբոց Յակովբեանց միաբանութեան օրէնքներուն, պատրիարքարանի կալուածներէն ոչ մէկ մաս կարելի է 49-ը տարիէն աւելի տալ վարձակալութեան, իսկ «Հայկական պարտէզ»-ը, ինչպէս երեւան կու գայ, վարձու տրուած է 99 տարիով:
Կարգ մը սաղիմահայեր կը պնդեն, որ իրենց տեսած ոչ պաշտօնական քարտէսներուն մէջ, բացի «Հայկական պարտէզ»-էն, դպրեվանքը ամբողջութեամբ, մեզի պատկանող հինգ բնակարաններ (ուր հայեր կ՛ապրին), ճաշարան մը, խանութներ եւ գերեզմանատունը մաս կը կազմեն այս առեւտուրին (11,500 քառակուսի մեթր): Եւ միայն եօթը աստղանի հիւրանոցի մը կառուցումը չէ, որ կը ծրագրուի, կամ` ատկէ առաջ գովազդուած ինքնաշարժերու կայանատեղիին բարեկարգումը, այլ, նոր թաղամասի մը` տուներ, յարկաբաժիններ, լողաւազաններ, պարտէզներ եւ այլն… Եթէ ասիկա հաւաստի ըլլայ, եւ եթէ ի կատար ածուի, Երուսաղէմի դիմագիծը վտանգի տակ կը դնէ, առաւել եւս` հայկական ներկայութիւնը այդտեղ:
Տեղի հայերը գնորդը չէ, որ կ՛այպանեն, այլ այպանելին ծախողներն են իրենց համար, որոնց պարտականութիւնն էր պահակ կենալ այս կալուածներուն, որոնք կը պատկանին ոչ թէ պատրիարքարանին եւ ոչ միայն սաղիմահայութեան, այլ` համայն հայութեան: Ոմանք կ՛ըսեն, որ դուրս չեն գար իրենց տուներէն, միայն բռնի ուժով ու իրենց շալակի վրայ առնելով կրնան հանել այդտեղէն:
Պատրիարքարանը կ՛ըսէ, որ ոչ մէկ բան ծախուած է, ընդամէնը 99 տարիներու վարձակալութենէն ետք հողը կը վերադառնայ մեզի: Բայց Սուրբ Քաղաքին եւ երկրին այսօրուան պայմանները նկատի ունենալով` չեմ կարծեր, թէ մեծ տարբերութիւն կայ ծախելուն եւ այդքա՜ն երկար ժամանակով վարձու տալուն միջեւ (եթէ վերջին պնդումն ալ ճիշդ ըլլայ):
Ի վերջոյ, Նուրհան արքեպիսկոպոսը խոստովանեցաւ, որ ստորագրած է այս գործարքին փաստաթուղթերը, սակայն կը պնդէ, որ խաբուած էր Խաչիկ Երէցեանին (կարգազուրկ Պարետ ծ. վարդապետին) կողմէ: Վերջինս կարգալոյծ ըլլալէն ետք, չորս կողմը շրջանակ կազմած, իսրայէլական յատուկ ուժերու պաշտպանութեան տակ, կը փախչի Ս. Յակովբեանց վանքէն, ուրկէ վտարուած էր հայհոյախառն ու «դաւաճա՜ն» վանկարկումներուն ներքոյ, զորս կը հնչեցնեն կատղած ու դառնացած սաղիմահայերը` ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը բարձրացուցած, որոնք խաբուած ու թիկունքէն դանակահարուած կը զգային իրենք զիրենք:
Վահան Կ․ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Եռագոյն»