Ազրպէյճանական պաշտօնական լրահոսը յատուկ հաղորդագրութեան փոխարէն ամփոփ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրած է: Ուշագրաւը այս պարագային ազրպէյճանական Քալիպըր.ազ կայքի հրապարակումներն են, որոնց տեղ տուած է Պաքուի պաշտօնական լրահոսը: Իբրեւ թէ որոշ փակագիծեր բանալով` Պաքուն կը խօսի Պրիւքսելի մէջ արծարծուած առանցքային հարցերու մասին: «Միջանցք»-ի կամ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի կամ «ազրպէյճանցի գաղթականներու» եւ «տարածաշրջանի բնիկ»-ներու մասին դասական յանկերգներէն զատ ուշագրաւ է ազրպէյճանական կայքի կատարած հրապարակումին հետեւեալ կէտը. «Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայ բնակչութեամբ խիտ բնակեցուած շրջաններ մարդասիրական փոխադրումներու երթուղիի` Լաչինի ճանապարհի փոխարինումը Պարտա-Աղտամ ճանապարհով»:
Ահա այստեղ է Պրիւքսելի բերած նոր արծարծումը, կամ Միշելի յայտարարութեան ամէնէն խնդրայարոյց բաժինը: 4-րդ կէտը կը կրէ «Մարդասիրական խնդիրներ» խորագիրը, ուր Միշել կ՛արձանագրէ. «Ես ընդգծած եմ Լաչինի ճամբու բացման անհրաժեշտութիւնը: Ես նաեւ նշած եմ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարել երկու կողմերէն` բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունած եմ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը»:
Արցախի ապաշրջափակումը զուտ մարդասիրական աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ պահանջելու մօտեցումները իրենց մէջ վտանգ կը ներառեն: Պաքուի մարտավարութիւնը` Բերձորի միջանցքը Աղտամի ճանապարհով փոխարինելու, լրիւ կը տեղաւորուի Ազրպէյճանի հետ Արցախի համարկումի օրակարգին շրջածիրին մէջ:
Միշելը փաստօրէն հաւասար զուգահեռ գիծերու վրայ տեղադրած է Բերձորն ու Աղտամը, մէկ կողմէ հայկական եւ միջազգային պահանջ-որոշումը իրականացնելու, միւս կողմէ Ազրպէյճանի համարկումի օրակարգին սատարելու ուղղութիւններով: Այլ խօսքով` միջնորդութիւն խաղալու:
Կարդացեք նաև
Արցախի ժողովուրդին Արցախէն ելքի եւ վերադարձի ազատ տեղաշարժը, ըստ համաձայնութեան, կ՛ապահովէր ռուսական կողմը: Հիմա Պաքուն արգելափակած է այդ ելքը եւ կը խօսի նոր ելքի մասին: Պրիւքսելը նշումի կարգով կ՛արծարծէ այդ կարելիութիւնը եւս:
Ռուսական գործառոյթներու փոխարինման այս գործողութիւններուն առընթեր է, որ կ՛արձանագրուին Մոսկուա-Անգարա եւ Մոսկուա-Պաքու սուր յայտարարութիւններ: Էրտողան կը յիշեցնէ ռուս խաղաղապահութեան ժամկէտի աւարտը եւ կը յուսայ, որ Մոսկուան կը յարգէ համաձայնութիւնը եւ կը հեռանայ Արցախէն, իսկ Պաքուն կը մերժէ Մոսկուայի յայտարարութիւնը` պաշտօնական Երեւանի ճամբով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու առումով:
Այս հանգամանքներուն նկատառումով կ՛ընկալուին Պրիւքսելի յայտարարութեան խնդրայարոյց բաժինները եւ անոնց հիման վրայ կը նախանշուին Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք հետագայ հանդիպումներէն բխելիք յայտարարութիւնները:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում