Ժողովներ, խորհրդաժողովներ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ գլուխ-գլխի հանդիպումներ․․․ Այս բոլորը կ’երթան մէկ ճամբով, իսկ Արցախի վիճակը՝ ուրիշ ճամբով: Իրականութեան մէջ, Արցախի վիճակը տեղ մըն ալ չ’երթար, այլ կը մնայ անփոփոխ։ Ո՛չ միայն եօթը ամիսէ ի վեր շրջափակուած է արցախցին, այլ նաեւ ամէն օր յարձակման կ’ենթարկուի ազերի բանակին կողմէ, իբրեւ գործնական նախաճաշակ ալիեւեան այն «գուրգուրանք»-ին, որ պիտի վայելեն արցախցիները՝ եթէ ընդունին հպատակ դառնալ իր Ատրպէյճանին:
Հարց տանք, թէ քաղաքական բեմի վրայ ի՞նչ պատահեցաւ վերջին օրերուն։
Սկսինք Ուաշինկթընի մէջ կայացած՝ սեղմ ու «մտերմիկ» եռօրեայ հանդիպումէն: 27-29 Յունիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով լո՜ւրջ բանակցութիւններ ունեցան, ներկայութեամբ Ա․Մ․Ն․-ի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալիվընի։ Երեք օր «գլուխ կոտրեցին» եւ… ո՛չ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք կամ որոշում, այլ միայն բառերու եւ հաւաստիքներու նոր ապուր, աւրուած ձայնապնակի կրկնուած մեղեդի (կամ ժխոր): Սպասելի էր Պլինքընի գեր-պաշտօնական, փրոթոքոլային հաստատումը, թէ երկու կողմերը հետեւողական ձեւով աշխատանք կը տանին, վերջնական համաձայնութիւն մը կնքելու նպատակով։
Շարունակելով իր խօսքը, ան բացայայտօրէն ինքզինք հակասեց, շեշտելով, որ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, բայց վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար, տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք: Իրաւունք չունի՞նք հարց տալու. So, what’s new!!! (Այսինքն՝ նորութիւն չէք ըսեր):
Քաղաքական բառարանին մէջ, նմանօրինակ «քլիշէ» խօսքեր ցուցանիշ են, որ մինչեւ իսկ եթէ շատ բան կատարուած է, իրականութեան գետնի վրայ շօշափելի բան չէ կատարուած: Պլինքըն քանիցս շեշտեց, թէ բանակցութիւնները կառուցողական են: Լսողը կը մտածէ, թէ արդեօք նո՞յնքան հաստատ, որքան… Բերձորի մուտքին կառուցուած եւ դեռ կառուցուելիք պատնէշները։
Այս անցուդարձերուն կողքին, ներհայաստանեան բեմահարթակին վրայ, ոչ մէկ անկիւնադարձային կամ վճռական որոշում կամ գործընթաց։ «Ազգընտի՜ր վարչապետ»-ին նորագոյն սխրա՞նքը. խօսքի այլ ապուր, թէ՝ «Ատրպէյճանը շարունակում է Հայաստանից պահանջել Լեռնային Ղարաբաղից դուրս բերել Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումներն այն պայմաններում, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում զինուոր չունի․․․»։
Այս ու նմանօրինակ՝ Արցախէն միանգամընդմիշտ ձերբազատած ըլլալու գոհունակութիւնը դրսեւորող յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, բնականաբար կարելի է լաւապէս ըմբռնել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ քաղաքական-դիւանագիտական փոթորիկ ստեղծած այն արտայայտութիւնը, թէ ինք աւելի՛ աշխատանք կը տանի Արցախին ու արցախահայութեան համար, քան ՀՀ ղեկավարութիւնը։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում