Ըմբռնելի է Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութեան այն բաժինը, որ կը պահանջէ հայկական կողմէն դադրեցնել բանակցութիւնները, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան կը կրակէ: Միատեսակ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր իշխանութեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի կեցուածքները այս ուղղութեամբ: Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն շեշտել, որ բանակցութեան այլընտրանք չկայ, եւ թէ իրենք կը բանակցին ընդհանրապէս Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:
Բանակցութիւնները դադրեցնելու կոչը սակայն չի վերաբերիր միայն Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ չբանակցելուն. այլ նոյն հիմնաւորումները կը վերաբերին նաեւ Մոսկուայի առած միջնորդական քայլերուն, ինչ որ յաւելեալ դժուարութիւն կը ստեղծէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտին համար:
Որքան ալ հրադադարի ծանր պայմանագիր ըլլայ նոյեմբերեան համաձայնութիւնը, այդուհանդերձ միակ փաստաթուղթն է, որուն տակ ստորագրելով դադրած է պատերազմը: Այդ համաձայնութիւնը խախտողը բոլորին համոզումով ըստ էութեան Պաքուն է: Բանակցութիւնները ուրեմն նախ պէտք է կեդրոնանան արդէն իսկ կայացած համաձայնագիրի իրականացման վրայ. սկսելով ռազմագերիներու վերադարձէն, հասնելով Հայաստան-Արցախ միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակումին եւ ազրպէյճանական անցակէտերու վերացումին:
Արցախէն հնչած չբանակցելու կոչին իմաստը այն է, որ կարելի չէ բանակցիլ, այնքան ատեն որ Պաքուն չի յարգեր համաձայնութիւնները: Բանակցիլը ուրեմն կ՛ենթադրէ առ այժմ ունենալ մէկ օրակարգ. երաշխաւորել եւ իրականացնել արդէն իսկ կայացած համաձայնութիւնները:
Կարդացեք նաև
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: