Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եկեղեցւոյ տեղն ու դերը մեր հայրենիքը յուզող հարցերուն նկատմամբ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ՝ ընելի՛ք պէտք է ունենայ. Արամ Ա

Հուլիս 03,2023 13:20

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 28-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական Մաղթանքի կատարումով, ինչպէս նաեւ՝ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական Մաղթանք կատարեցին՝ ընթերցելով աւետարանական հատուածներ եւ աղօթներ ու մաղթելով երկար գահակալութիւն Հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռին:

Յաւուր Պատշաճի Քարոզ

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան իր յաւուր պատշաճի քարոզը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան ամեակին ու միաբանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն եւ բարեմաղթութիւններուն թարգմանը դարձաւ՝ «ակա՛նջ դիր, Տէ՛ր, իմ աղօթքիս, նկատի՛ առ բարձրաձայն խնդրանքներս» հայցելով Տիրոջմէն։

Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս Կիրակին կրկնակիօրէն օրհնեալ եւ երջանկալից է, որովհետեւ Ս. Պատարագի խորհուրդին եւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնով եւ Արեամբ հաղորդուելու կողքին՝ Հայրապետական Մաղթանքով կը նշենք Նորին Ս. Օծութեան ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը։ «Սաղմոսին բառերը մեզ կը հրաւիրեն, ինչպէս Հայրապետական Մաղթանքին մէջ քանիցս յիշեցինք, փառք տալու Աստուծոյ, որ մեզի շնորհած է այսպիսի Հովուապետ մը, եւ թարգմանը դառնալով մեր միաբանութեան եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ կը մաղթեմ, որ Աստուած միշտ ծաղկեալ պահէ Վեհափառ Կաթողիկոսին Հայրապետական Գաւազանը, որպէսզի քաջառողջութեամբ եւ ծով համբերութեամբ շարունակէ իր հովուապետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բարօրօրութեան համար», մաղթեց ան։

Առ այդ, սրբազան հայրը հակիրճ կերպով ընդգծեց Նորին Սրբութեան ծառայութեան քանի մը յատկանշական երեսները։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը այն հոգեւոր սերմնացանն է, որ միայն բարի սերմ կը ցանէ մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ, իսկ հայկական Սփիւռքի վերակենսաւորման համար կատարած իր հովուապետական այցելութիւնները փաստ են այն ճշմարտութեան, որ Հայրապետին գլխաւորութեամբ մեր Ս. Աթոռը նախանձախնդիր է կազմակերպ հայ քրիստոնէական կեանքի շարունակութեան եւ վերածաղկման։ Քարոզիչ սրբազանը շարունակեց մէջբերելով հռոմէացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակը, ուր կը նշուի արդարութեան եւ հնազանդութեան հրամայականը եւ փոխ առնելով առաքեալին բառերը՝ աղօթեց, որ Աստուած փրկէ մեր ազգի զաւակները։

Իր քարոզին մէջ Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ Հայրապետին գահակալութեան տարեդարձը նշել կը նշանակէ անդրադառնալ Աստուծոյ կողմէն մեզի տրուած առիթներուն ու շնորհքներուն եւ այդ բոլորը խոր գիտակցութեամբ դնել Վեհափառ Հայրապետին տրամադրութեան տակ, որպէսզի մեր հաւաքական կեանքը ամէն տեղ եւ ամէն բնագաւառի մէջ տկարութիւն եւ թուլութիւն չունենայ։ Ի վերջոյ, քարոզիչ սրբազանը Նորին Ս. Օծութեան փոխանցեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) աւելի քան 350 եկեղեցիներուն բարեմաղթութիւնները եւ եզրափակեց միջ-եկեղեցական աղօթքներէն հետեւեալով. «Սո՛ւրբ Հոգի, եկո՛ւր եւ վերանորոգէ՛ քու ստեղծագործութիւնդ։ Սո՛ւրբ Հոգի, եկո՛ւր եւ վերանորոգէ՛ զիս։ Սո՛ւրբ Հոգի, եկո՛ւր եւ վերանորոգէ՛ մեզ բոլորս՝ քու փառքիդ համար»։

Յատուկ Տօնակատարութիւն՝ Վեհարանի Դահլիճին Մէջ

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սանուց կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ։

Յանուն միաբանութեան ուղերձ ընթերցեց Ս. Աստուածածին Վանքի վանահայր Գերապատիւ Տէր Շնորհք Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեան։ Ան անհուն ուրախութիւն եւ խոր բերկրանք արտայայտեց Հայրապետին՝ կաթողիկոսական օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով։ Հայր սուրբը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ այս առիթին համար՝ մանաւանդ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ճամբով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ բացուեցաւ վերանորոգուած ճանապարհ մը, ուրկէ ոգեղէն զգացութեամբ կրկին անցան մեր սուրբ հայրերն ու հերոսները եւ եկեղեցին ապրեցաւ վերաթարմութեան շրջան։ Հայր սուրբը ընդգծեց, որ արդար է ժողովուրդի մը անցեալի իրագործութիւններով հպարտանալը, սակայն ցնծութիւն է նաեւ ապրիլ վերելքը, եւ այս տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Հայրապետին օրով, մանաւանդ միջ-եկեղեցական մարզին մէջ, որուն հետեւանքով մեր Ս. Աթոռը դրուեցաւ պատուադիր դիրքերու վրայ։

Շնորհք Ծ. Վրդ.ը ըսաւ, որ, Անթիլիասը երկրորդ հայրենիք դարձնելով՝ Նորին Սրբութիւնը ընդարձակեց ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական գանձերուն տանող ուղին եւ հայրենիքը ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձուց մեր կեանքին մէջ։ Անոր հայրական ու Հայրապետական խրատներն ու թելադրանքները անպակաս էին այս ուղղութեամբ։

Վերջապէս, յանուն միաբանութեան եւ ժողովրդեան, հայր սուրբը մաղթեց, որ Աստուած Իր հովանին անպակաս ընէ Վեհափառ Կաթողիկոսին վրայէն, առաջնորդէ ու օրհնէ անոր առաքելութիւնը եւ առողջութիւն ու կորով պարգեւէ, որպէսզի կարենայ բարի ու երկար գահակալութեամբ ծառայել հայ ժողովուրդին։

Հայրապետական Պատգամ

Հայրապետը, առաջին հերթին, իր բարձր գնահատանքը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց քարոզիչ սրբազանին եւ հայր սուրբին ազնիւ ու գեղեցիկ խօսքերուն համար եւ ընդգծեց, որ մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կատարուող Հայրապետական Մաղթանքը, Հայրապետին անձէն ու գործէն անդին, նաեւ ուղղուած է Հայրապետութեան, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Հայրապետն ու Հայրապետութիւնը տարբեր իրականութիւններ չեն, այլ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ խօսիլ Հայրապետին մասին կը նշանակէ խօսիլ Հայրապետութեան մասին եւ՝ փոխադարձաբար, ուստի այս առիթ է նաեւ ինքնաքննութեան եւ հրաւէր՝ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ դերին վերաշեշտաւորման, մանաւանդ՝ ներկայ օրերուն։

Այս ըսելով՝ Վեհափառ Հայրապետը ակնարկ մը նետեց ներկայ հայ կեանքի իրականութեան վրայ՝ քանի մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարելով։ Ան միասնականութեան եւ համախմբումի կոչ ուղղեց համայն հայութեան, յատկապէս Արցախի ներկայ կացութեան դիմաց եւ ըսաւ, որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է յոյս ներշնչել եւ փարոս ու ճանապարհ դառնալ ժողովուրդին կեանքին մէջ։ Աւելին, ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կոչուած է Արցախի տխուր իրականութեան դիմաց լուր չմնալու, այլ՝ իր ձայնը բարձրացնելու ազգային եւ միջազգային բնագաւառներէն ներս՝ մեկնելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն։

Արամ Ա. Կաթողիկոսին սրտի ցաւով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ տեղ-տեղ ծագած անտարբեր կեցուածքներուն ու պառակտումներուն, ինչպէս նաեւ արժէքներու նահանջին մասին, զանոնք համարելով անընդունելի։ Մեր եկեղեցին կոչուած է կարեւորութեամբ շեշտելու արժէքներու կենսական ներկայութիւնը ու ներգործող ոյժը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ աւելցնելով, որ եկեղեցին ժողովուրդին տագնապներուն դիմաց անտարբեր չի՛ կրնար մնալ. «եկեղեցւոյ տեղն ու դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մայր էջին վրայ է եւ մեր հայրենիքը յուզող հարցերուն նկատմամբ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ՝ ընելի՛ք պէտք է ունենայ, միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ»։

Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս դիտել տուաւ մարդուժի պակասի խնդիրը, մանաւանդ ղեկավար դիրքերու վրայ եւ հրաւիրեց բոլորին իրատեսութեամբ, իրապաշտութեամբ եւ համապարփակ ոգիով մօտենալու հարցերուն։ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսոթիւնը այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ պիտի շարունակէ, իր կոչումին հաւատարմութեամբ, որպէս եկեղեցի, իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեաքէն ներս։ Մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր հայրենիքին հզօրացման եւ մեր ժողովուրդին անսասանութեան ի խնդիր», վստահեցուց ան։

Հայրապետական պատգամին յաջորդեց «Կիլիկիա» օրհներգը, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց «Պահպանիչ» աղօթքը եւ «Հայրապետական մաղթերգ»երով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31