Փաշինեան առաջին անգամ վարչապետ ընտրուելու օրը՝ ութ մայիս 2018 ին, յայտարարեց, որ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծումը պէտք է հիմնուի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։Իսկ նման յայտարարութենէ մէկ տարի ետք, Փաշինեան Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։ Ընդդիմադիր որոշ շրջանակներ Հայաստանի վարչապետին այս յայտարարութիւնը գրգռիչ արարք մը համարեցին եւ երբ տարի մը ետք Արցախեան երկրորդ պատերազմը պայթեցաւ, անոնք ակնարկութիւն կատարեցին այս յայտարարութեան, թէ Փաշինեան նման դիրքորոշմամբ ատրպէյճանցիները պատերազմի մղեց։
Տեղին է շեշտել, որ Ստեփանակերտի իր յայտարարութենէն քանի մը ամիս ետք, Փաշինեան կը պնդէր,որ «բոլորը հասկցած են, թէ Արցախեան տագնապը զինուորական լուծում չունի, թէ հայկական բանակը առաւել քան մարտունակ է, զինամթերքն ալ՝ արդիականացած»։
Փաշինեան մինչ ներկայիս կը յայտարարէ, որ Արցախը բանակցութիւններուն ամբողջ ընթացքին միջազգային ընտանիքին կողմէ կը համարուէր Ատրպէյճանի մէկ մասը, թէ՛ 2018-ին եւ թէ՛ 2021-ին նախընտրական իր երկու ծրագրերուն մէջ խոստացաւ Արցախի հարցը լուծել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիմամբ։
Հասկնալի է, որ իշխանութեան հասնելէ ետք Փաշինեան տարաբնոյթ յայտարարութիւններով եւ կեցուածքներով, ամբողջութեամբ մոռացութեան տուաւ նախորդ յայտարարութիւնները։ Ասիկա առաւելաբար ակնյայտ է Արցախի մասով։ Իսկ իշխանութեան վրայ գտնուող պետական պատասխանատուն իրաւունք ունի՞ այսօր բան մը յայտարարել, վաղը՝ ամբողջովին այլ կեցուածքով մը ինքզինք հակասել։ Ասիկա ալ ըստ երեւոյթին վարչապետին քաղաքականութեան առանցքն է։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում