Ալէն Սիմոնեանին մէկը պիտի յիշեցնէր, որ իր 133 տարուայ պատմութեան շուրջ 70 տարիները Դաշնակցութիւնը նուիրած է Սփիւռքի կազմակերպման, հայապահպանման և համայնքներու ֆիզիքական պաշտպանութեան, իրերայաջորդ սերունդներու քաղաքականացման, Հայ Դատի հետապնդման և պետականազուրկ սփիւռքահայութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը միջ-պետական օրակարգին բերելու գործին: Միակ կազմակերպութիւնը չէ եղած անշուշտ, ոչ ալ զերծ եղած է սխալներէ, և երբեմն ալ սայթաքումներէ: Բայց Սփիւռքի քաղաքական պատմութեան որևէ առարկայական հետազօտութիւն ցոյց պիտի տայ թէ իր բոլոր սխալներով ու բացթողումներով հանդերձ այն որքա՛ն յառաջապահ ուժ եղած է և ստանձնած ղեկավար պատասխանատւութիւն:
Սփիւռը, սակայն, անտեսուեցաւ, նսեմեցուեցաւ, լաւագոյն պարագային թերարժևորուեցաւ անկախ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու և, ընդհանրապէս, հայրենի քաղաքական վերնախաւին կողմէ: Բացի երբ փող անհրաժեշտ էր… Հռետորաբանական Սփիւռքագովումը առատ էր միշտ, մանաւանդ երբ համեմուէր հայրենասիրական ու հզօր պետականութեան յուզականութեամբ: Բայց անկէ մէկ քայլ անդին անցնելով Սփիւռքի ռազմավարական դերին գնահատումը՝ ոչինչ: Բացի, դարձեալ, հռետորաբանութենէ և երբեմն-երբեմն համագործակցութենէ, որոնցմէ թերևս ամենէն յուսադրիչն ու յուսախափողը եղաւ յետ-Փրոթոքոլեան հինգ տարիներուն Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի պատրաստութեան աշխատանքները:
Սփիւռքը Հայաստանի մէջ նսեմացուեցաւ որովհետև, ինչպէս ոմանք, ընդ որում ազգային մտաւորականներ, կը մտածեն թէ Սփիւռքը «գերարժևորուած» է: Բայց աւելի շուտ որովհետև Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը Սփիւռքը ուզեց որպէս հետևող միայն: Արդար ըլլալու համար պիտի ընդունիլ, որ ատոր ընթացք տուաւ Դէպի Երկիրով խանդավառ Սփիւռքեան ղեկավարութիւն մը, որ պահ մը կարծեց թէ դարձուցած էր պատմութեան Սփիւռքեան էջը և վերածուած «արտերկիր»ի: Երբեմնի Սփիւռքեան պատումի հայրենադարձութեան պահն էր եկած և հայրենիքը կը սպասէր իր զաւակներուն: Լևոն Տէր Պետրոսեանը «արտերկիր»ը «սրբագրեց» երբ «օտարերկրացի» անունանեց սփիւռքահայուն, «նարինջ ուտող» ((սփիւռքա)հայեր յիշէք, չմոռանաք այն օրը…)
Աւելին, Սփիւռքի «աւանդական» ղեկավարութիւնը Սփիւռքը լքեց ու մսխեց, որովհետև միշտ առաջնահերթային եղան հայրենիքի անվտանգութիւնը և պետականաշինութիւնը: Հարկաւ, ո՞ր մէկ սփիւռքահայը կը համարձակէր վերյիշել Վահէ Օշականին «Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ» և առաջարկել Սփիւռքի օրակարգ, երբ անհրաժեշտ են կենսական ծրագիրներ, ուր իր մասնակցութեան պարտականութիւն կը տրուէր բայց երբեք որոշման իրաւունք: Թէկուզ և հաշուետւութեան իմաստով -ալօ, Հայաստան Հիմնադրամ, ո՞ւր գնաց 130 միլիոնը…
Սփիւռքի տակաւին չգրուած բայց կենդանի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի արժևորել Դաշնակցութեան պատմութեան գոնէ եօթանասուն տարիները: Առանց անտեսելու իր ձախողութիւնները՝ անկասկած, բայց անպայման և մանաւանդ ընկալելով իր յաջողութիւններուն կարողական ուժը: Այդ էր որ ոչ ոք յիշեցուց Ալեն Սիմոնյանին որովհետև անցնող երեսուն տարիներուն նման նախանձախնդրութիւն չէր եղած հայրենի քաղաքական վերնախաւին մօտ: Ոչ ալ, և այս է ցաւալին, Սփիւռքի «աւանդական» ղեկավարութիւններուն:
Դաշնակցութեան սփիւռքակերտման եօթանասունամեայ դերը կ’ընկալուի միայն համահայկական տեսլականի մը մասշտապով: Այդ մէկը կրնայ բարձրագոյն և իտէալ մակարդակի հասնիլ եթէ պետական յանձնառութիւն ըլլայ, որուն համար անհրաժեշտ է նոյն այդ գիտակցութիւնը ունեցող քաղաքական վերնախաւ:
Կարդացեք նաև
Աւելի՛ն, համահայկականութեան մասին Հայաստանէն ընդհանրապէս պէտք չէ խօսիլ որովհետև տակաւին չկայ այն հայեցակարգուած միջոցը, ուր քիչ թէ շատ համակարգուած խաղի կանոններով, փոխադարձ վստահութեան ամրակայումով, շահերու և սահմանափակումներու ընդունմամբ, դերերու և պատասխանատուութիւններու ճշդումով… մէկ խօսքով իր տեսակին մէջ թերևս նոր ու բնորդային անդրպետական ժողովրդավարական գործարքի կարելի է վերածել այն ինչ այսօր եռամիասնութիւն, քառամիասնութիւն կամ այլ ձևի միասնութեան հանրային կոչեր են միայն:
Խ. Տէր Ղուկասեան
Հոդվածն ամբողջությամբ ՝ «Եռագոյն»-ում