Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ուխտագնացութիւն թե դաշտագնացութիւն

Հունիս 18,2023 12:53

Ցաւալի թեմա մը, որուն մասին մինչեւ օրս կը խուսափէի գրել:

Աւանդական, թէ նոր սփիւռքներուն մէջ ամօթալի երեւոյթ մը կայ, որ կարելի է կոչել «Հեռակայ հայրենասիրութիւն»: Առանց ընդհանրացնելու փորձութեան մէջ իյնալու, իր սահմանումին մէջ «Հեռակայ Հայրենասիրութիւնը» այն վիճակն է, ուր հայրենադարձութեան մասին ընդհանրապէս չմտածող, հայրենիքը ետին լքած ու այլ ափեր գաղթած, Հայրենիքի մէջ ապրող իրենց հարազատներուն կամ ընդհանրապէս երբեմն նիւթական նուէրներ ղրկելով կամ իրենց հայութիւնն իսկ երբեմն ուրացող կարգ մը մարդիկ, զանազան առիթներով սարքուած «օղիի» սեղաններու շուրջ յանկարծ թունդ հայրենասէրներ կը դառնան: Ալ մե բաժակաճառեր, մե կենացներ, հայրենասիրական ծակ արտայայտութիւններ, կոչեր եւ այլն, որոնք կը մարին օղիի շիշերուն բովանդակութեան սպառումին հետ համատեղ:

Այս վիճակը կարծէք չէր բաւեր, վերջին տարիներուն ու մանաւանդ 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք երեւոյթ մըն ալ եկաւ աւելնալու մեր ազգին պատմութեան ամօթալի էջերուն վրայ: Զբօսաշրջութեան համար տարին անգամ մը Հայաստան այցելող կարգ մը «հայեր», որոնց Հայրենիքի մասին գիտակցութիւնը լաւագոյն պարագային չանցնիր Երեւանի Կեդրոնին կամ Հիւսիսային պողոտային վրայ գտնուող քաֆէներուն մէջ սրճելու սովորութեան սահմանները, յանկարծ միտքերնին կ՛իյնայ նաեւ այցելել մեր Հայրենիքին զոհասեղանին իրենց կեանքերը մատաղ ըրած լոյս տղոց գտնուած սրբավայրը՝ Եռաբլուր: Մինչ տուեալ վայրը ուխտատեղին է մեր նահատակներուն ծնողներուն, հարազատներուն եւ սիրելիներուն (տեսնել ձախ կողմի նկարը), մեր զբօսաշրջիկները իրենց այցելութիւնը յաճախ կը շփոթեն դաշտագնացութեան հետ: Անոնք այնտեղ կ՛երթան պատկերներ քաշուելու: Եվ որովհետեւ պատկեր քաշուելու մշակոյթին մէջ կայ ժպտերես նկարուելու սովորութիւնը, մեր մարդուկներն ու կանայք փափկասունք, լայն ժպիտով, երբեմն ալ աւելի գրաւիչ երեւալու համար կանացի իրենց մէկ ոտքն ալ միւսէն հեռացնելով ու սուրբ շիրմաքարին յենած «սիրուն» պատկերներ կը քաշուին (տեսնել աջ կողմի նկարը, որպէս նմոյշ սոյն երեւոյթին):

Նման բան սովորութիւն դարձուցած մարդիկ իրենց անգրագիտութեան, աննրբանկատութեան եւ թեթեւամտութեան պատճառով, նաեւ շատ յաճախ անձնական PR-ի հիւանդագին մարմաջով, ընկերային համացանցին իրենց էջերուն վրայ լայնօրէն կը տարածեն նմանօրինակ նողկալի նկարներ, իրենց նման անձերէն ստանալով նաեւ մեծամասշտաբ լայքեր:

Ի դէպ, երբեմն ճիշդ նոյն մարդիկն են, որ չես հասկնար բարոյական ի՞նչ իրաւունքով, հայրենի ժողովուրդին, ներառեալ Արցախի մեր քաջարի հայրենակիցներուն, հայրենասիրութեան, հողին կառչած մնալու ու անոր համար զոհուելու հեռակայ դասեր ալ կու տան…

Ամենեւին վստահ չեմ, որ սոյն քննադատութիւնը շինիչ կ՛ընկալուի: Սակայն մէկ բանին վստահ եմ, որ նմանօրինակ պահուածքով մեր նահատակներուն հանգիստը խռովող ու անոնց յիշատակը պղծող մարդկանց համար պէտք է անվարան ցանկալ, որ նմանօրինակ ժպտերես նկարներ, իրենք իրենց կեանքին ընթացքին ունենան նաեւ իրենց հարազատներուն շիրիմներուն առջեւ ալ, ու… տարածեն…:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930