Պաքուէն Անգարա վերադարձի օդանաւուն մէջ լրագրողներուն կողմէ հարցապնդուելով՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յստակօրէն բացայայտեց, որ խորքին մէջ Իրանի իշխանութիւններն են, որոնք դէմ են այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան Միջանցք»-ին բացման։ Էրտողան՝ գովաբանելով իր երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուելու Հայաստանի վարչապետին քայլը, շեշտեց,որ Իրան եւ ոչ թէ Հայաստան դէմ է, որ Նախիջեւանը, բայց խորքին մէջ Թուրքիան Ազրպէյճանի կապող ցամաքային ուղին բացուի։ Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ եթէ իրանեան իշխանութիւնները իրենց այս կեցուածքը փոխեն Թուրքիա եւ Իրան մինչեւ Լոնտոն եւ Պէյճինկ երկաթուղային ուղիի կապ կրնան ունենալ։
Թուրքիոյ նախագահին այս ակնարկութիւնը բնականաբար հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն եւ զարգացումներուն մէջ Իրանի որդեգրած դիրքորոշումներուն վերաբերելէ աւելի, կը բացայայտէ թրքական անհանգստութիւնը Իրանի վարած քաղաքականութենէն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հաւասարակաշռող տարր է եւ հայանպաստ կեցուածք ըլլալէ աւելի, պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ, որ արդիւնք է իրանեան քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ շահերու պաշտպանութեան նպատակով պաշտօնական Թեհրանի որդեգրած դիրքորոշումներուն, որոնց դրդապատճառներուն մէջ առաջին հերթին պէտք է նշել իրանեան լուրջ մտահոգութիւնը՝ Եգէական ծովէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ խորերը երկարող թրքական վիթխարի աշխարհամասի մը ստեղծման վերաբերեալ, եթէ իրագործուի ցամաքային կապին՝ Հայաստանի հարաւէն անցնող այսպէս կոչուած «Նախիջեւանեան Դարպաս»-ի ծրագիրը, որ Թուրքիոյ ու թրքացեղ ու թրքախօս պետութիւններուն միջեւ ցամաքային կապը պիտի ըլլայ։Այս դարպասին մասին յատկապէս մեկնաբանութիւններու, վերլուծումներու եւ նախատեսութիւններու մասին խօսուեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմին ամէնէն ճակատագրական օրերուն։Երբ թրքական տրոնները գրոհներ կը կատարէին հայկական դիրքերու վրայ, թրքական ծայրայեղ աջակողմեան եւ ծայրայեղական լրատու աղբիւրներու կայքէջերը կ՛ողողուէին «Նախիջեւանի Դարպաս»ին ստեղծման, անոր ներկայացուցած կարեւորութեան եւ թրքական մէկ ու միացեալ աշխարհի մը ստեղծման մօտալուտ նախատեսութիւններուն մասին լրատուուութիւններով, մեկնաբանական տեսանիւթերով եւ քարոզչական բնոյթի հարցազրոյցներով ու կլոր սեղաններով։
«Նախիջեւանեան Դարպաս»ի ծրագրին դէմ ըլլալու Իրանի քաղաքական ուղեգիծը պայմանաւորուած է բազմաթիւ գործօններով,որոնցմէ պէտք է առանձնացնել եւ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտել Իրանեան հիւսիսային երկու նահանգներու՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ազարպայճաններու կապուած իրադրութիւնները եւ իրանեան մտահոգութիւնները,յատկապէս երբ վերջին շրջանին շրջանառութեան դրուած է այս երկու նահանգներուն Իրանէն անջատման մասին խօսակցութիւններ եւ ծրագրերու նախագիծեր, որոնք կը վայելեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւի քաջալերանքն ու նեցուկը։Վերջերս էր, որ Ֆինլանտա հաստատուած ատրպէյճանական ճակատ մը կը յայտարարէր հարաւային Ատրպէյճանի անկախութեան ծրագրի նախագիծը, որ իրանեան մտահոգութիւններուն պատճառներուն մէջ իր առանձնակի տեղը ունի, նկատի ունենալով,որ նշուած երկու նահանգներուն մէջ շուրջ երեսուն միլիոն ատրպէյճանական ծագում ունեցող իրանցիներ կ՛ապրին։
Համաթուրանականութեան վտանգը այլ դրդապատճառ մըն է, որ Իրան կտրականապէս դէմ դիրքորոշուի Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի հարաւային շրջաններուն միջեւ ցամաքային կապ մը հաստատելու թրքական երազը հետապնդող «Նախիջեւանեան Դարպաս»ի մը ստեղծման։Հարաւային կովկասեան իրադրութիւններուն եւ ռազմաքաղաքական զարգացումներուն ու իրավիճակին մէջ Իրան եւ Ռուսիա բնականաբար ունին նոյն մտահոգութիւնները՝ ինչ կը վերաբերի համաթուրանականութեան ստեղծման կապուած քայլերու եւ ծրագրերու, որոնց դէմ իբրեւ ամրակուռ պարիսպ Մեղրին կը ներկայանայ իր ամբողջ հմայքով եւ կարեւորութեամբ։Ասիկա իրանցիները շատ լաւ գիտեն։Վստահաբար Մեղրիի ունեցած ճակատագրական կարեւորութեան եւ ռազմավարական նշանակութեան մասին գիտեն նաեւ Երեւանի իշխանութիւնները։Աղէտի մը դէմ յանդիման գտնուած պիտի ըլլանք, եթէ Երեւանի իշխանութիւնները՝ առաջնորդուելով ինչ- ինչ հաշիւներէ, նկատի չառնեն Մեղրիի շուրջ եւ կապակցաբար թրքական, իրանեան եւ ռուսական, ինչու չէ նաեւ չինական ու հնդկական քաղաքական եւ տնտեսական շահերն ու ռազմավարական նկատառումները։
Կարդացեք նաև
Հետեւաբար, շատ դրական եւ քաջալերական է, որ Էրտողան մտահոգ է իրանեան մերժողական դիրքորոշմամբ։Ասիկա հայկական դիւանագիտութեան համար պէտք է համարուի չափազանց կարեւոր եւ առանցքային նշանակութիւն ունեցող դիրքորոշում մը, որուն վրայ կրնայ կառուցուիլ հարաւային կովկասեան երեւանեան քաղաքականութիւնը։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: