Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուան մտահոգ է, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձեն միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով: Այս տեղեկատուութեան հրապարակման մէջ յղում կատարուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կապուած աղբիւրներու:
Յայտնապէս ճնշումը կամ սպառնալիքը արցախեան կողմին ուղղուած է: Աւելի՛ն. ըստ լրատուամիջոցին, եթէ Արցախի ներկայացուցիչները մերժեն հանդիպիլ Պաքուի ղեկավարներուն հետ, Միացեալ Նահանգները կը սպառնան դիմել հակաահաբեկչական գործողութիւններու:
Ամերիկեան միջնորդութիւնը ռուսական միջնորդութեան չէզոքացումը կ՛ենթադրէ: Սպառնալիքը, որուն մասին կ՛ակնարկուի հրապարկումին մէջ, շատ հեռուները կ՛երթայ` «հակաահաբեկչական գործողութիւններ խոստանալով:
Պարզ է, որ Մոսկուայի առաջին շահագրգռուածութիւնը միջնորդի հանգամանքը պահելն է եւ խաղաղապահ ուժերը այնտեղ տեղակայելը: Որոնց համար Մոսկուան կը շարունակէ յենիլ եռակողմ համաձայնութիւններուն վրայ:
Կարդացեք նաև
Սակայն Պաքուն հիմնովին կը խախտէ եռակողմերը, եւ` այս հրապարակումին ճամբով պարզ կը դարձնէ, որ ամերիկեան պահանջներուն ընդառաջած է. փաստօրէն ճնշումն ու սպառնալիքը ուղղուած են Ստեփանակերտին:
Քաղաքական այս նախադրեալներով ալ կը բացատրուի միջազգային երաշխիքներով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան ձեռնարկումի առաջադրանքը, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի շրջանակներէն կը շարունակէ հնչել:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: