Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ուրիշի դրանը հիւր ենք մինչեւ այն օրը, երբ կը դադրինք հիւր ըլլալէ եւ ազգին իրապէս չառնչուող ինքնագոհական աղմկարարութիւններով կը բաւարարուինք․ «Հայրենիք»

Հունիս 10,2023 09:53

Անկեղծութեան պահու մը, ազգ եւ հայրենիք վերականգնելու համար, եթէ այդ ցանկութիւնը կայ եւ շաբաթավերջի հայր-զաւակի ընտանեկան եւ դուռ-դրացիական զուարճութիւններու փուչիկի խօսափողի խաղ չէ, պէտք է խոստովանիլ, որ մեծ ու պզտիկ փքուած եսերու ճահիճին մէջ ենք եւ չենք լսեր, չենք ուզած լսել անհանգստացնող ճշմարտութիւնները, կամ աթոռ-աթոռակի խաղերուն անձնատուր ըլլալով, ապազգայնացումը դարձուցած ենք առօրեական, եւ հայ կեանքը շարունակուած է իր (ան)բնական ընթացքով:

Գեղեցիկ համարուած խօսքեր թութակաբար կրկնուած են, ծուարած ենք կարգախօսներու աղմուկին մէջ, զանոնք գործածելով որպէս միջոց «էսթէպլիշմընթ»ային հայրենասիրական-բարեսիրական աղմկարարութեան եւ նոր հաւատարմութիւններու անձնատուր եղած ենք, որպէսզի շարունակենք պատշաճելով ապրիլ: Եթէ միայն գիտնայինք թէ ի՞նչ ըսած է Ի դարու այլեւս չյիշուող հայ գրող Վիգէն Խեչումեան: Ան մեծ իմաստութեամբ գրած է. «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Այսպէս է մերկ ճշմարտութիւնը ազգային լեզուի, մշակոյթի, քաղաքականութեան եւ արուեստներու պարագային: Ուրիշի դրանը հիւր ենք մինչեւ այն օրը, երբ կը դադրինք հիւր ըլլալէ եւ ազգին իրապէս չառնչուող ինքնագոհական աղմկարարութիւններով կը բաւարարուինք:

Բեմերէ կը հնչէ սովորական դարձած «պիտի պայքարինք»–ը, բայց ոչ ոք կ’ըսէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով, ո՞ր հետեւորդներով եւ մանաւանդ՝ ո՞ր դաշնակիցներով: Ամբոխ յուզել պայքարի ծաղրանկար է:

Կ’ըսեն, որ այս տեսակ միտքեր կը խանգարեն:

Եթէ չըսենք, պէտք է ընդունիլ հագած ըլլալ «հիւրընկալ»ին հագուստը եւ վերջ:

Ի տես եւ ի լուր աճող փառատենչիկներու յառաջացուցած ճահճացումներուն, հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն գտնելու համար կ’ապաստանիմ զինուորներու պէս կարգով կանգնած գիրքերու աշխարհին մէջ: Նոր եւ հին գիրքեր, հայերէն մոռցուած գիրքեր: Հայատառ այլեւս անտէր գիրքեր: Մեր նորանուաճ ինքնահաստատումները կը թելադրեն հայերէն եւ հայատառ գիրքերը համարել ներկային մէջ չշնչող յուշամատեաններ: Այդքա՛ն:

Այսօր կրկին անոնց այցելուն էի: Յաճախ չէ որ անոնք իրենց ճամբան կորսնցուցած այցելուներ կ’ունենան: Մարդոց անուններ, գիրքերու անուններ: Մեր պատմութեան կրկնուող ճակատագրական այս օրերուն, երեւելիական ախտէ տառապողներ, ասդին-անդին կը պոռչտան քաղաքական պայքարի մասին, երբ ազգի ինքնութեան լեզուն դարձուցած են «ոջիլի շուկայ»–ի ապրանք-աղմուկ, կրկնելով, թէ «պիտի պայքարինք», որպէս թիրախ ընտրելով «թշնամիներ»–ը, երբ ոչինչ ըրած ենք, չենք պայքարած «ինքնութիւն հայերէն»–ը պաշտպանելու համար, մե՜ծ (չ)իմաստութեամբ յայտարարելով, որ այդ աշխատանքը «սուրի հարուած է տրուած ջուրի մակերեսին»…

Շարքէն հանեցի գիրք մը, որ այդքան ալ հին չէ, լոյս տեսած 1989–ին, Փարիզ: Անունը՝«Անկատար Ալպոմ Ֆրանսահայ Գրական եւ մտաւորական դէմքերու»:

Կը տողանցեն Վազգէն Շուշանեան, Արշակ Չօպանեան, Շաւարշ Միսաքեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի, Հրաչ Զարդարեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Շահան Շահնուր, Կարապետ Փոլատեան, Գրիգոր Ճիզմէճեան, Արտակ Դարբինեան, Հրանդ Թորոսեան, Գեղամ Ֆէնէրճեան, Լեւոն Չորմիսեան, Մկրտիչ Երիցանց, Արաքսի եւ Հայկանոյշ Թորոսեան քոյրեր, Տոքթ. Հայկ Գալճեան, Մարգարիտ Բաբայեան, Գեղամ Քերեսթէճեան, Լեւոն Մոզեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Հայկ Պէրպէրեան, Լեւոն Մեսրոպ, Բիւզանդ Վաղինակ, Միսաք Մանուշեան, Յարութ Կոստանդեան, եւ «Փունջ մը «նոր» գրողներէն՝ Գրիգոր Պըլտեան, Զուլալ Գազանճեան, Նազարէթ Թօփալեան, Եղիշէ Այվազեան… Ի հարկէ այս յիշուած անունները պէտք է լրացնել, ուրիշ անուններով ալ, ինչպէս Շաւարշ Նարդունիով,Սեմայով, Մարի Աթմաճեանով, Կարօ Մեհեանով…

Ֆրանսա ապրած բայց հայերէնով շնչած եւ ներիմացական խոր ըմբռնումով բարձրամակարդակ ազգ եւ ինքնութիւն պահած մարդիկ:

Ֆրանսայի հայկական հրապարակի աղմուկին մէջ հազիւ քանի մը անուններ կը յիշուին, այդ յիշատակութիւնն ալ ոչ մէկ առնչութիւն ունի գրականութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հետ, ընդհանրապէս «քաղաքական» շահագործում է, որ կ’անցնի այդ անուններու կեանքի կողքէն: «Քաղաքական» ցուցադրութիւններու» (շաու) մէջ անոնք տեղ չունին, լեզուն պահելու պայքար չենք մղած, ոչ ոք խօսափողի առջեւ կը կանգնի պոռալու, որ այլ կարեւոր «հարց»երու կողքին, նոյն կարեւորութեամբ պաշտպանենք հայերէնը, այս անգամ պայքարելով մեր իսկ կողմէ կազմակերպուած նահանջին դէմ:

Գիրքին հեղինա՞կը. մոռցուած անուն մը: Գիրքը՝ վկայութիւններ՝ երէկի մեր առօրեայէն հեռացուած դէմքերու եւ անոնց իմաստութեան մասին: Գացէ՛ք եկեղեցի եւ բակին մէջ հարցուցէ՛ք, թէ «Սոփոկլեան» անունով հայ հեղինակ մը գոյութիւն ունեցա՞ծ է Լոյսերու քաղաքին մէջ… Ցոյցերու ընթացքին նոյն հարցումը ուղղեցէ՛ք ձեր կողքէն գալողներուն:

Գարնան արեւին տակ նստած կը դարձնեմ գիրքին էջերը, ուր հայեր կան, անուններ, երբ դեռ ՄԵՆՔ էինք: Յաճախ կը մտածեմ, որ այսօր այդ անուններու շարունակութի՞ւն ենք: Եթէ չենք, ի՞նչ բանի եւ բաներու շարունակութիւն ենք:

Ճիշդ է, որ այսօր հայեր, յանձննառու ըլլան թէ ոչ, կրկին ընկճուածի եւ պարտուածի հոգեվիճակի մէջ են, կրկին իրաւունք կորսնցնելու օրուան հասած ենք: Երազներ փայփայած հայեր, կամայ թէ ակամայ անզօր հանդիսատես են Արցախ-հայրենիքի «յանձնում»ին, որ ազգի պարտութիւնն է:

Քանի մը օրէ ի վեր ինքզինքիս կը պարտադրեմ չբանալ համացանցի լրատուական էջերը, որպէսզի չտեղեկանամ… Ամէն օր ազգ եւ հայրենիք հարուածող լուրերը չեմ ուզեր լսել, Արցախի վերջին բեկորի շրջափակում, հայու հայրենիք Արցախի վերջնական կորուստ, Հայաստանով անցնող միջանցք՝ որ հայապատկան պիտի չըլլայ, Ազգային Ժողովին մէջ բանակռիւ՝ որ կը յանգի կռիւի, հայ զինուոր կը զոհուի կամ կ’առեւանգուի… իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ կը ճանչնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ըստ խորհրդային քարտէսներու, որ կը նշանակէ՝ ըստ ստալինեան կամայականութեան: Ո՞ւր կը մնայ պատմական ճշմարտութիւնը տիրութեան իրաւունք հաստատելու համար, ո՞ւր կը մնայ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ եւ ԱԶԳԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930