Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայը ինքզինք մատնած է ձեռնածալ վիճակի, կը սպասէ, թէ այս հանդիպումները ինչպիսի՜ նորութիւններ պիտի պարգեւեն իրեն, Արցախի հարցը ինչպիսի՛ խեղաթիւրումներու պիտի ենթարկուի. «Հայրենիք»

Հունիս 08,2023 12:10

Հետզհետէ աւելի կը խօսուի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող մանրամասնութիւններու մասին։ Նախքան այս հնգանդամ ժողովը, Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ ողջունած էր վերջին շաբաթներուն նկատուած՝ հայ-ազերի կարգաւորման աշխուժացումը: Աւելի՛ն, հրապարակուած յատուկ  յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ Եւրոմիութիւնը կ՛ողջունէր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խիզախ յայտարարութիւնը, թէ ինք կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ Արցախը (Փաշինեան ի մտի ունի նաեւ Հայաստանէն «մանրուքներ» ալ)։

Հանդիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, գրեթէ միեւնոյն հաստատումն է, որ կը կրկնուի, տարբեր շարադրութեամբ եւ մէջբերումներով, թէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հաստատած են 6 Հոկտեմբեր 2022-ին, Փրակայի մէջ իրենց յայտարարած յանձնառութիւնը՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին (21 Դեկտեմբեր 1991) մէջ նշուած սահմանները յարգելու մասին:

Հանդիպման աւարտին, ոչ մէկ յստակ եւ շօշափելի յայտարարութիւն կատարուեցաւ Հ․Հ․ վարչապետի աշխատակազմին կողմէ: Վարչապետն ու իր աշխատակազմն ալ ձեռնածալ էին։ Թափթփած եւ ոչինչ ըսող բառամթերքով մը, նշուած էր, թէ քննուած են «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անյայտ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր»։ Եւ ահա, «ազգընտիր» վարչապետին համար Թուրքիոյ օդային ճամբան բաց էր ․․․կարմիր գորգով, որպէսզի ան ժամանէ Անգարա եւ մասնակցի նէօ-սուլթան Էրտողանի երդման արարողութեան։

Հնգանդամ ժողովը պիտի շարունակուի այլ օրակարգերով, յառաջիկայ Յուլիս 21-ին, Պրիւքսէլի մէջ։ Մինչ այդ Ուաշինկթընի մէջ, կրկին կը խօսուի երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի մը մասին։

Ու այս բոլորին ականջալուր ու հանդիսատես հայը ինքզինք մատնած է ձեռնածալ վիճակի, կը սպասէ, թէ այս հանդիպումները ինչպիսի՜ նորութիւններ պիտի պարգեւեն իրեն, Արցախի հարցը ինչպիսի՛ խեղաթիւրումներու պիտի ենթարկուի, արիւնով ու պայքարով շահուած իրաւունքները ինչպէ՛ս  կորստեան պիտի մատնուին ձախաւեր դիւանագիտութեան խաղասեղանին վրայ, ինչպէ՛ս զինք պիտի համոզեն, որ Արցախը պատկանած է ու պիտի պատկանի Ատրպէյճանին, վեց ամիսէ ի վեր պաշարման օղակի մէջ առնուած անոր 120 հազար բնակիչները ինչպէ՜ս պէտք է ընդունին ատրպէյճանական հպատակութիւն կամ հեռանան իրենց պատմական հողերէն, Հայաստանը հողային ինչպիսի՜ պարտքեր ունի Ատրպէյճանին, որուն ախորժակները կանգ չեն առներ Փաշինեանի խոստացածներով եւ… «խաղաղութիւն պիտի բերենք» ցնդաբանութիւններով:

Խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930