Չկայ որեւէ պատմական, աշխարհաքաղաքական, ազգագրական ու մշակութային հիմք, որ կրնայ դոյզն իսկ արդարացնել հայրենի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, ու մանաւանդ՝ անոնց շուրջ զարգացող մեծապետական որեւէ փոփոխութիւն, յանուն այն կեղծ «խաղաղութեան» պարտադրանքին, որ կը միտի խեղդել արցախահայութեան անկաշկանդ ապրելու պայքարը։
Իսկ երբ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն կերպով եւ ամէն պահուն կը հոլովեն «խաղաղութեան պայմանագիր»-ը շուտափոյթ ստորագրելու նպատակը, անդին, մեր թշնամին ամէն ձեւով, իր նուաճողական ու հայատեաց քաղաքականութիւնը զգալի կը դարձնէ բռնի ու դիւանագիտական միջոցներով, սպառնալիքներով, ռազմական գործողութիւններով, ոճրագործութիւններով, հայ զինուորներու կեանքը խլելով, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտած ըլլալով, վեց ամիսէ աւելի Լաչինի միջանցքը գրաւած ըլլալով, օր ցերեկով հայ զինուորներ առեւանգելով, Արցախի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին վրայ «համաներումի» կեղծ հրաւէրներ կարդալով, Հայաստանի ղեկավարութեան ծանր զիջումներ պարտադրելով։
Այսօր, այս պահուն, երբ թշնամին կը փորձէ արցախահայութեան մէջքը կոտրել, երբ նաեւ Հայաստանէն հնչող պաշտօնական խօսքերը որեւէ յոյս չեն ներշնչեր, մենք բոլորս ՊԻՏԻ ՄԷԿՏԵՂՈՒԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑՈՂ հայրենի դեսպանատան առջեւ, որպէսզի ամէն գնով, ուժգին ու շեշտակի, մեր զօրակցութեան ձայնը հասնի Արցախի հողին վրայ ամուր կանգնած «Մամիկին ու Պապիկին», երեխային, ժողովուրդին, մարտնչող երիտասարդին, նոյնիսկ ղեկավարութեան։
Վստանք ըլլանք, որ եթէ Արցախի Հանրապետութիւնը ունենար իր դիւանագիտական պաշտօնական ներկայութիւնը Աթէնքի մէջ, մենք բոլորս հոն պիտի ըլլայինք, Արցախի դրօշին ներքեւ, անոր պետական մէկ միաւորի շուքին տակ։ Սակայն, այսօր՝ ինչպէս եւ անցեալին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր պետական ամբողջ կառոյցով, պէտք է շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ Արցախի ազատ գոյատեւման, անոր ինքնորոշման իրաւունքին, ազատ շնչելու իր ապագային։
Արցախի մահու կենաց պայքարի այս պահուն, յունահայութեան ամբողջական զօրաշարժը աւելի քան երբեք հրամայական է։ Բոլորս միասին պիտի մէկտեղուինք հայրենի դեսպանատան շէնքին առջեւ, պիտի բարձրացնենք զօրակցութեան ձայնը, պիտի յիշեցնենք մեր Արծուաբոյն Արցախի հայորդիին, որ իր պայքարը արդար է, սակայն ամբողջութեամբ մերժելի են ամէն փորձերը, ուրկէ որ ալ անոնք առաջնորդուին, պոկելու Արցախը հայ ժողովուրդի ծոցէն։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթի այսօրվա համարում