Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արդեօք մինչեւ ո՛ւր կուլ պիտի տանք «աննախընթաց»-ներու շարքը. «Հայրենիք»

Հունիս 05,2023 14:50

ԱԿՆԱՐԿ.- ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ «ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ» ՄԸ ԵՒՍ…

«Հայրենիք». Նիկոլ Փաշինեան շատ կը սիրէ ԱՆՆԱԽԸԹԱՑ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ բառը, զայն կ’արտասանէ տեղի եւ անտեղի կերպով, այնպիսի՜ յոխորտանքով, որ ծանօթ էր խորհրդային տարիներուն, երբ օրուան կարմիրները կը խօսէին «փլան գերակատարելու» մասին:

Եւ ահա, թաւիշով քողարկուած՝ նոր օրերուն նոր-համայնավարը (հետեւողութեամբ օտարներու նէօ-քամիւնիսթ-ին) ինքզինք գերազանցեց եւ աննախընթաց իրագործում մը կատարեց: Շաբաթ, 3 Յունիսին, ան Անգարայի մէջ ներկայ եղաւ վերընտրեալ բռնատէր Էրտողանի երդման արարողութեան:

Կը մնայ հարց տալ, թէ Փաշինեանի մը ի՞նչ տեսակի հնարամտութենէն կը բխէր «փրոթոքոլային» այս խաղը, առանց մոռնալու, որ ան արդէն շաբաթասկիզբին եղած էր Էրտողանը առաջին շնորհաւորողներէն…

Կարելի է թուել ձեւական եւ խորքային նպատակներ:

Եւ ահա հո՛ս է որ ի յայտ կու գայ, թէ ինչպիսի՜ «հեռատես քաղաքականութիւն» կը վարէ Փաշինեան: Ան գիտէ, որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու եւ շրջանին գլխուն հայաթափման վերջնական վտանգը փաթթելու կողքին, Հայաստանէն ալ իր տուած ու տալիք հողամասերը ըստ էութեան յաւելեալ մկրատումներու եւ կծկումի պիտի մատնեն Հայաստանը, «Դամոկլեան սուր» պիտի կախեն նոյնինքն Հայաստանի հանրապետութեան քարտէսին եւ գոյատեւման իրաւունքին վերեւ, համաթուրանական ծրագիրներու իրականացման պարագային՝ առաջին փուլին Հայաստանէն պիտի մնայ փոքր մաս մը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պիտի ապաւինի Թուրքիոյ ողորմածութեան (չէ՞ որ իրական ու ենթադրեալ դաշնակիցները իրենք զիրեն դրած են այն վիճակին մէջ, որ նոյնինքն Փաշինեանի իսկ խոստովանութեամբ՝ տրամադիր չեն երաշխաւորելու մեր ապահովութիւնը, իսկ Թուրքիա տրամադիր է այդ ընելու… ի՛ր հասկցած ոճով): Ուրեմն, եթէ Հայաստան-իկ մը պիտի մտնէ Թուրքիոյ իրողական հոգատարութեան տակ, աւելի ուշ վերածուելու Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ ու Նախիջեւանի, եւ Արեւմուտքն ալ արդէն ցոյց կու տայ քաջալերողի նշաններ, ուրեմն, այդ Հայաստանը պէտք պիտի ունենայ… մարզպանի մը (կը յիշէ՞ք «երջանկայիշատակ» Վասակ Սիւնին). մարդը ուրեմն այժմէն կը տաքցնէ իր աթոռը, իր շուրջը բոլորելով ՔՊ-ական համախոհներ:

Փաշինեանի եւ իր ուսապարկերուն տրամաբանութեամբ, «հին» Քոչարներն ու Հայկազները ապուշներ են, քաղաքականութենէ եւ դիւանագիտութենէ չհասկցողնե՜ր, որոնք տարուած էին «Թուրքը ցեղասպան է, թուրքը մեր հայրենիքը խլած է» եւ նման մտածցածին պատմութիւններով: Ինք վարպետաց վարպետն է, որ շա՜տ աւելի լաւ հասկցած է թուրքն ու անոր բարի՜ էութիւնը, եւ ահաւասիկ, նոր աննախընթաց մը կ’աւելցնէ իր իրագործումներու վաստակին վրայ եւ ունի… համակիր-հաւատացողներ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:

Իսկ մեր ժողովուրդը, հայրենիք եւ պետութիւն սիրող զանգուա՛ծը արդեօք մինչեւ ո՛ւր կուլ պիտի տայ փաշինեանական «աննախընթաց»-ներու շարքը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930