Լրահոս
Տնկվել է շուրջ 2500 ծառ
«Իբր պետություն»
Օրվա լրահոսը

Էրտողան պիտի աշխատի «նախիջեւանեան դարպաս»-ն իրականութիւն դարձնել, որ պիտի ըլլայ թրքական աշխարհը միաւորող ուղի մը, որուն դիմաց ցցուող միակ արգելքը Հայաստանն է. «Հայրենիք»

Հունիս 03,2023 10:33

Բաւական վտանգաւոր եւ մտահոգիչ է նաեւ թրքական ճակատին ներկայացուցած վտանգը։ Հարաւային Կովկասեան եւ շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ թրքական ճակատը այս պահուս առաւելներ ունի։ Ասիկա լաւապէս հասկցած են յատկապէս Իրան եւ Հնդկաստան, որոնք կը ջանան թրքական տարածուն կայսրութեան մը հաւանականութեան դէմ դնել։ Անգարայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ խորերը երկարող թրքական այս վիթխարի աշխարհագրական շրջանին քաղաքական, տնտեսական, զինուորական, մշակութային եւ այլ գործօններուն ամբողջական զօրակոչմամբ, Թուրքիոյ վերընտրեալ նախագահ Էրտողան գէթ մինչեւ 2028 պիտի աշխատի Ատրպէյճանական գործօնը լաւապէս շահագործել եւ համաթուրանականութեան համար այնքան կենսական համարուող «նախիջեւանեան դարպաս»ը իրականութիւն դարձնել՝ Հայաստանի հարաւային շրջաններէն միջանցքի տրամաբանութեան ծիրին մէջ գործող ուղի մը ապահովելու համար, որ ճիշդ է, թէ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի պիտի կապէ, սակայն աւելի լայն եւ խորքային հասկացողութեամբ պիտի ըլլայ թրքական աշխարհը միաւորող ուղի մը,որուն դիմաց ցցուող միակ արգելքը Հայաստանն է։

Նախիջեւանեան դարպասի մը ստեղծումէն առաջին վնասողը պիտի ըլլայ Իրանը, որ աճապարեց Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու։ Նաեւ երկար ժամանակի վրայ տուժող մըն է Ռուսիան, որ իր կարգին ծրագրած է Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան մը բանալ՝ միանալով թրքական կողմին յղուած իրանեան պատգամին, թէ Հայաստանի հարաւային սահմաններուն որեւէ փոփոխութեան կ՛ընդդիմանայ։ Սիւնիքի պարագային հարաւային կովկասեան իրանեան եւ ռուսական շահերը կը համընկնին հայկականին։ Ասիկա ի մտի ունենալով՝ պէտք է գործել ողջմտօրէն, որպէսզի Արցախեան իրականութիւնները չմխսուին զուր տեղը, այլ կարելի ըլլայ Արցախի ներկայացուցած ռազմաքաղաքական յստակ առաւելները՝ իրանեան եւ ռուսական շահերուն համար, լաւագոյնս օգտագործել եւ առաւելներ ձեռք բերել, ապահովելու համար Արցախի ինքնիշխանութեան կարգավիճակ մը, որ շատ լաւ պիտի ծառայէ շրջանային երկու կարեւորագոյն ուժերուն ռազմաքաղաքական շահերուն։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930