Առանց եզրաբանութիւնը օգտագործելու, այդուհանդերձ, թուրանական կամուրջի ծրագիրը կը մնայ ի զօրու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին համար: Թուրքիա-Նախիջեւան-Սիւնիք-Ազրպէյճան-Կեդրոնական Ասիա ցամաքային կապը դարաւոր ծրագիր է: 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը կասեցուցին համաթուրանական ծրագիրի իրականացումը: Հիմա դարձեալ վերադարձած է ծրագիրը «հաղորդուղիներու ապաշրջափակում» խորագիրին տակ:
Սիւնիքի գոյակռիւը` առաջին հանրապետութեան օրերուն պահելու Լեռնահայաստանը, ըստ էութեան, այդ ծրագիրի ձախողեցումն էր: Սիւնիքի եւ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը այս օրերուն ստացած է աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն:
Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու Երեւանի դիրքորոշումը այդ վտանգը կը մօտեցնէ Սիւնիքին: Պարզ է, որ Արցախով չեն բաւարարուիր դարաւոր երազներ սնուցանած Թուրքիան եւ այժմ` Ազրպէյճանը: Պէտք է կասեցնել այս գահավիժումը: Միայն մայիսեան խորհուրդին հաւատարիմ պետութիւն- հասարակութիւնն է, որ կրնայ ամենածանր պայմաններուն մէջ միաւորուիլ եւ տէր կանգնիլ հայոց ճակատագիրին:
Սահմանադրութեան նախաբանը հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կայ յանձնառութիւն` կենսագործելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան աւանդութիւնները:
Կարդացեք նաև
Առաջին հանրապետութեան աւանդները կենսագործելու նախապայմանը ազգային ուժերու միաւորումն է, ապա կասեցումը` հայրենազրկման այս գործընթացին, վերստին ձախողեցնելու համար ցեղասպանական թուրանական ծրագիրները, եւ` վերակերտելու ազգային պետութիւնը:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: