Պէտք է կրկին ու կրկին ահազանգենք. Հ․Հ․ Անկախութեան հռչակագրէն անկախ, «ազգընտիր» վարչապետը իրաւասութիւն չունի իր անձնական «ճաշակ»-ով գործելու, ինքնագլուխ աշխատելու եւ անտեսելու Գերագոյն Խորհուրդի 8 Յուլիս 1992-ի որոշումը, ուր յստակօրէն կը նշուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի է միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կը նշուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Պատմութենէն հրաժարողներուն կամ անտեղեակներուն ալ պէտք է յիշեցնենք, որ նախքան Խորհրդային Միութեան մաս կազմելը, Ատրպէյճանի անկախութեան օրերուն, 1918-1921, Արցախը մաս չէ կազմած այդ հանրապետութեան։ Ստալինեան օրերուն, հիմա արդէն բացայայտ, բայց իր օրով՝ մութ հաշիւներու հիմամբ տրուած որոշում մըն էր Արցախի (եւ Նախիջեւանի) յանձնումը Խորհրդային Ատրպէյճանին։
Ժամանակի դէմ մրցում մըն է, որ կը կատարուի։
Այո՛, պէտք է սթափի՛նք։ Ճանչնա՛նք Արցախի Տարածքային Ամբողջութիւնն ու Արցախահայութեան Իրաւունքը։ Միասնական պայքարով եւ ազգային համաձայնութեամբ յաղթահարենք հայոց պետականութեանն ուղղուած գոյութենական սպառնալիքը: Իսկ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումն ու ճանաչումը միայն առաջին քայլ են մեր իրաւունքներու ցուցակին վերականգնումին եւ կենսագործման մեկնարկին:
Կարելի չէ այսպէս շարունակել։ Ու մեր ժողովուրդը, անկախութիւն կերտած ու վերականգնած ժողովուրդը, միացեալ ձեռքերով Արցախը ազատագրած ու գործնապէս Հայաստանին միացուցած հայութիւնը չի կրնար թոյլ տալ, որ ճեպընթացը այսպէս շարունակէ իր գահավէժ սլացքը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: