Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ապահովել համահայկական համախմբում». Երուսաղէմի մեծ տագնապին առիթով ՌԱԿ համակարգուած մամուլի խմբագիրներու հաղորդագրութիւնը

Մայիս 19,2023 11:19

Համախմբուիլ Ի խնդիր Ազգային Դարաւոր Ժառանգութեան՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Հայ Ժողովուրդի Շահերուն

Մինչ Հայ ժողովուրդը Հայաստանի Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան ամենադժուարին ու ճակատագրական օրերը, ծանրակշիռ տագնապի մը մտահոգիչ լուրերը կու գան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատքի պատմական կեդրոններէն՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան շրջանակներէն:

Ինչպէս յայտնի է, հայաշխարհը ցնցող նշեալ լուրերը անմիջականօրէն կապակցուած են Երուսաղէմի հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» եւ ազգապատկան այլ կալուածներու աղմկայարոյց վարձակալման հարցին հետ: 99 տարուան ժամկէտով կնքուած նշեալ չարաբաստիկ պայմանագիրը արդէն իսկ ատենէ մը ի վեր աղմկայարոյց բնոյթ կը կրէր:

Նկատի ունենալով ընդհանրապէս Երուսաղէմի պատկանելիութեան կարգավիճակի քաղաքականապէս նուրբ պարագան, նշեալ վարձակալական խնդիրը շրջանցած է սոսկ հայկական մտահոգութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ արձագանգ սկսած է գտնել տարածաշրջանային եւ միջազգային պետական հարթութիւններու վրայ: Յիշեցնենք, որ անոր կնքման անմիջապէս յաջորդած էր Պաղեստինի իշխանութիւններուն անհանգստութիւնն ու ընդվզումը արտայայտող նկատառումը՝ յանձնուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուշադրութեան:

Այս առանց այն ալ բարդ իրավիճակին, Յորդանանի թագաւորութեան եւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան իշխանութիւնները վերջին օրերուն տեղեկացուցած են, որ որոշած են դադրեցնել Երուսաղէմի Ս. Աթոռի գահակալ Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի պատրիարքական հանգամանքին ճանաչումը:

Ի տես Հայաշխարհը մտահոգող սոյն տագնապալի կացութեան, ՌԱԿ-ի Համակարգուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդը վերջերս հրատապ հանդիպում մը ունեցաւ, քննարկելու համար առաջնահերթօրէն ինքզինք պարտադրած ազգային-եկեղեցական սոյն յոյժ կարեւոր օրակարգը: Նոյն հանդիպման հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պրահայի (Չեխիա) «Օրեր» հանգանամաւոր ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը, որ լրագրողական առաքելութեամբ վերջերս գտնուած էր Երուսաղէմ:

Ժողովականները կարեւոր նկատեցին այս հանգրուանին՝

Ա. Հեռու մնալ իրավիճակը աւելի եւս սրող եւ տագնապին առարկայական տուեալները առանց հաստատած ըլլալու՝ անպատասխանատու լրատուութենէ:

Բ. Որդեգրել ինքնազսպումի եւ յառաջացած խնդրին հանդէպ առարկայական մօտեցում:

Գ. Այս գերզգայուն պահը նկատել անօգուտ մեղադրանքներ եւ ամբաստանութիւններ ընելէ վեր եւ ըստ այնմ մօտենալ խնդրին, այս հանգրուանին որպէս գերագոյն առաջնահերթութիւն՝ նկատի ունենալով ընդհանրապէս համազգային եւ ի մասնաւորի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Սուրբ Աթոռին ու անոր շուրջ համախմբուած Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ու Երուսաղէմի արդէն իսկ նօսրացող Հայ համայնքին գերագոյն շահերը:

Դ. Ապահովել համահայկական համախմբում եւ ստանձնել հաւաքական պատասխանատուութիւն՝ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու ստեղծուած ճգնաժամէն:
Ե. Այսուհանդերձ եւ առաջնահերթութիւնները պահելէ ետք, անհրաժեշտ է ձեռնարկել խիստ լուրջ քննության մը՝ բացայայտելու համար այս խորապէս անպատասխանատու յանցագործութեան բոլոր դերակատարները եւ պատասխանատուութեան կանչել զանոնք:
Վերջապէս, ՌԱԿ-ի Համակարգուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդը հաստատեց իր պատասխանատու յանձնառութիւնը մօտէն հետեւելու ստեղծուած վիճակին, հանրութիւնը վերահասու դարձնելու զարգացող իրադարձութիւններուն:

Լիայոյս ենք, որ ստեղծուած սոյն՝ աւելի քան բարդ կացութիւնը շուտով կը թեւակոխէ բաղձալի հանգուցալուծման փուլ մը:

ՌԱԿ-ի Համակարգուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031