Այս հնաւանդ կաշիին վրայ
որուն համար մի ոմն գառ
դարեր առաջ թափեց արիւն
Յայտնուած է նոր հոլովոյթ
Կարդացեք նաև
պատմողական նոր բանաձեւ
Հոն տեղ չկայ
հեռու-մօտիկ
մեր անցեալի
հերոսները եւ փառքերը երգելու
Կամ այսօրուան
հոգի հիւծող
կորուստները ողբալու
Հոն տեղ չունին Սրբազան Լեռն
Հորովելը
եւ Կիլիկիան
Հոն տեղ չունին Ամարասը
Դադիվանքը
տժգոյն Շուշին
Հոն չեն յիշուիր ճակատները լուսապսակ
հայ զինուորը
կամաւորը
եւ գիւղացին
որոնց կ՚ըսուի
որ կը զոհուին
յանուն ոչինչի՜
Հոն տեղ չունի պատմութիւնը…
Հաշուարկուած է ամէն ինչ
դիտումնաւոր մոռացումներ
ծրագրուած անփութութիւն
համատարած անշարժութիւն
խոր քնախտի համաճարակ
Մոլորած է Լոյսը
Սրբավայրեր
լեղապատառ կը մարտնչին
զիրենք պատող
բարքերէ զուրկ նոր երգերու
գերակշռող շղարշին դէմ
Վարձու կաւով քանդակուած
անցեալէ զուրկ շինծու յուշեր
կը ողողեն մատեաններ
Կոյր մոլուցքով
դաւադրաբար կը բացուին
չ՚սպիացող
թարախապատ հին վէրքեր
ու խորքերէ
դուրս կը բերուին
օրուան յարմար
մեղաւորներ պիտանի
Մոլորած է Բանը
Լռութիւնը ականի պէս լարուած՝
պիրկ կ՚ըսպասէ կոկորդիս մէջ
կ՚ուզէ պոռթկալ
որոտա՜լ
արթնցնել զանգուածները
կործանել թակարդները…
Բայց գրիչս
չի գտներ իր հոսքը
Ինչպէ՞ս փրկել
վերջին շունչն այս տոհմիկ
որ կը մնայ կառչած
հանգոյցին
այս յանձնուած երակներուն
ու կը տենչայ վերապրիլ
եւ հեւասպառ
կը պաղատի
կ՚աղաղակէ՜
կը գլորուի ծոցիս մէջ
Ինչպէ՞ս կանգնիլ յաղթահասակ
ու գրկաբաց
դիմաւորել
Վայոց Ձորը կեանքի կոչող
արագիլները գարնան
Օդը ճեղքող արագասլաց
ծիծառները տուն դարձող
Ինչպէ՞ս ապրիլ
այս լեռներուն
խորքէն յորդող
կեանքի յորձանքը յաւերժ
Ինչպէ՞ս լսել
այս սարերուն լանջերէն
արձագանգող
անլռելի սրտատրոփը
հողին…
Մոլորած է Խաւարը
Հաւատքը չ՚անհետիր մէկ ոստումով
Յոյսը չի ցնդիր յանկարծակի
Սէրը չի սառիր մէկ գիշերուան մէջ
Անոնք կը հեռանան դանդաղ
Հերթով
Իրարու ճամբայ տալով
Մտածուած քայլերով
Կապկելով կշռոյթը բորոտ ու կաղ
այն գորշ գազանին թաթերուն
որ ժամանակ առ ժամանակ
ետ կը դառնայ
Եւ հեգնող չարակամ ժպիտը դունչին՝
Կողմնակի նայուածքը պահ մը կ՚ուղղէ աչքերուդ
…ու կ՚անցնի
Մոլորած է Ժամանակը
Խաւարամիտ լռութեան մէջ գիշերուան
Հաւատքը սէրն ու լոյսը կը հեռանան անձայն
եւ ամբոխը
չի զգար նոյնիսկ
իրենց ետին տնտնացող
բացն ահարկու
չի զգաստանար ու չ՚ընդվզիր
չ՚ըմբոստանար
կը յարմարի առանց հարցուփորձի
կը հաշտուի առանց հասկնալու
Եւ ի վերջոյ
երբ քանի մը սթափ մարդիկ խելքի գան
սարսափահար կ՚անդրադառնան
որ արդէն
որդեգրած են
նորելուկ արտօնեալներուն
շարադրած պատմութիւնը
…եւ հարց կու տան
ու՞շ է արդեօք
Վահան ԶԱՆՈՅԵԱՆ
Ապրիլ 24, 2023
Վարդահովիտ