«Ակօս» – Այս տարի 21-րդ անգամ կայացաւ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան կազմակերպած Այշէնուզ Զարաքօլու խօսքի ազատութեան մրցանակներու բաշխումը։ 9 Մայիս երեքշաբթի երեկոյ միութեան հաւաքատեղիին մէջ կայացած պարգեւատուուչութեան ընթացքին մրցանակներ տրուեցան ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի, լրագրող Թուղրուլ Էրեըլմազի եւ բանտարկուած մամուլի գործիչներուն։ Պարգեւատուուչութեան ներկայ գտնուեցան Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Համագումարի համաբանբեր Էսենկիւլ Տեմիր, Մարդու Իրաւունքներու Միութեան համանախագահ Էրեն Քեսքին, Թուրքիոյ Մարդու Իրաւանց Հիմնարկի վարչութեան անդամներ, Կանանչ Ձախ Կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածուներ Տերսիմ Տաղ, Էօզթիւրք Թիւրքտողան եւ Շաբաթօրեայ Մայրերէն խումբ մը։
Նախ վաւերագրական ֆիլմով մը ներկայացուեցաւ Այշէնուր Զարաքօլուի տարած պայքարը։ Ապա Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի ատենապետ Կիւլսերեն Եոլէրի եւ Էրեն Քեսքին իրենց ելոյթներով ընդգծեցին Այշէնուր Զարաքօլուի հրատարակչական գործունէութիւնը, նշելով անոր թապու համարուած նիւթերը ուսումնասիրող գիրքեր հրատարակելով ստանձնած խիզախ վարքը։
Ելոյթ ունեցան նաեւ Այշէնուր Զարաքօլուի որդիները՝ Տենիզ եւ Սինան։ Նախ դերասանուհի Ժիւլիտէ Քուրալի ձերամբ՝ լրագրող Թուղրուլ Էրեըլմազի մրցանակը յանձնուեցաւ։
Ապա «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան թղթակից Էսրա Սոլին Տալ բանտարկուած լրագրողներու անունին մրցանակը ստացաւ լրագրող Զէյնեֆ Քուրայի ձեռքէն։ Էսրա Սոլին Տալ ելոյթ ունենալով յայտնեց թէ այս մրցանակը կը ստանայ յանուն բանտարկուած պաշտօնակիցներուն։ «Յարձակումներու դիմադրելու աւանդութիւն մը ձեռքբերած ենք։ Բանտարկուած մեր ընկերները ճաղերու ետեւէն ալ ըլլայ կը շարունակեն, այդ դիմադրութիւնը։ Կարելի չէ լռեցնել ազատ մամուլը»։
Բագրատ Էսդուգեան իր մրցանակը ստացաւ Շաբաթօրեայ Մայրերու ձերամբ։ Ան ալ իր կարգին յայտնեց թէ պատիւ կը զգայ Այշէնուր Զարաքօլոի անունով հիմնուած մրցանակի մը արժանի տեսնուելով։ «Այս մրցանակը ինձմէ առաջ Հրանդ Տտնքին ալ ստացած ըլլալը գիտնալով ալ աւելի մեծ իմաստ մը կը ստանայ ինծի համար»։
Նախորդ տարի Այշէնուր Զարաքօլու խօսքի ազատութեան մրցանակին արժանացած էին Այսել Թուղլուք եւ Թաքսիմի զօրակցութեան հարթակը։
Վարդուհի ԲԱԼԵԱՆ