Հայոց Արդարահատոյցին հերոսներուն յիշատակին կանգնեցուած Արժանապատուութեան յուշակոթողին խորհուրդը կը գլէ ու կ՛անցնի բոլոր նեղ հաշիւները եւ քաղաքական սակարկութիւնները, որովհետեւ անիկա արտացոլացումն է ցեղասպանութեան ենթարկուած ամբողջ ժողովուրդի մը սպասումին՝ իր դահիճներուն արդար պատիժին, որ գործադրուեցաւ Հայոց Նեմեսիսի հերոսներուն կողմէ, որոնք ականջ տուին Շահան Նաթալիի խօսքին, թէ՝ «սիրեցէք զէնքի աստուածը,որպէսզի ան առատօրէն արդարահատոյց պիտի ընէ ձեզ»: Այսպիսով Հայոց Ցեղասպանութեան դահիճները պատժելու համար կատարուած գործողութիւնները ոչ մէկ ձեւով կարելի է համեմատել մերօրեայ քաղաքական- դիւանագիտական ակնկալութիւններու եւ սակարկութիւններու փաթէթներուն հետ, որովհետեւ երբ արդարահատոյցի մարտիկները կրակեցին դահիճներուն ուղղութեամբ, ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը փոխած ցեղասպանական ոճիրին հատուցումը պահանջեցին՝ ոճրագործները պատժելով։
Հայոց մայրաքաղաքին զբօսայգիներէն մէկուն կեդրոնը կանգնեցուած յուշակոթողը պարզ ժամադրավայր մը չէ։ Անիկա լիցքաւորման, յիշողութեան, արժանապատուութեան եւ արդար հատուցման պատժիչ արարքներուն հերոսներուն յիշատակի յաւերժացման քարակերտ նիզակն է, որուն պարունակած խորհուրդը կարելի չէ անտեսել եւ մոռնալ, պարզապէս որովհետեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները օդային տարածքներ կը փակեն հայկական օդանաւերու դիմաց, կամ այլ քայլերու դիմելու սպառնական ոճի յայտարարութիւններ կը կատարեն։ Հայոց մայրաքաղաքին բնակիչները եւ Երեւան այցելող բոլոր հայորդիները անխտիր պիտի այցելեն օղակաձեւ զբօսայգին եւ պահ մը Ազգային Արժանապատուութեան Ասպետներուն նուիրուած յուշակոթողին նայելով՝ հաշուի պիտի նստին իրենց ապրումներուն, յիշողութեան եւ էութեան հետ։ Հայ ենք, Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի մը ժառանգորդներն ենք, թուրքին մերօրեայ խուսանաւումներուն ականատես գիտակից հայորդիներ ենք, ուրեմն՝ այս յուշակոթողը մեր ապագան ճշդող եւ ուղին լուսաւորող քարեղէն փարոսն է։ Քարապաշտ ժողովուրդ չենք, բայց քարակերտ այս կոթողը պաշտելու այլաբանական մղումը ապրում է։ Ասիկա իւրաքանչիւր արժանապատիւ հայու պարտականութիւնն է։
Ա․Ա․
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում