Տնօրէն Ժողովի միաձայն որոշմամբ եւ Նորին Ամենապատուութիւն Տ․ Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Տ․ Պարետ Ծ․ Վրդ․ Երէցեան։
Տնօրինութեան համար որպէս հիմք ընդունուած է Պարետ Ծ․ Վարդապետի՝ Ս. Աթոռոյս կարգաց եւ կանոնաց հանդէպ դրսեւորած անհաւատարիմ ընթացքը եւ յատկապէս «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնագրի վերաբերեալ անոր կատարած շարք մը խարդախութիւնները եւ խաբեբայութիւնները։
Կարգալոյծ եկեղեցականը յետ այսու կը դասուի աշխարահականներու կարգին՝ իր Խաչիկ Երէցեան աւազանի անունով:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅՍ