Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ երկար տարիներու բարեկամութիւն` մէկ կողմէ ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջէն, բայց նոյնքան` անհատական, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ այցելութիւն Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի իր գրասենեակը, ուր երկար տարիներու նուիրական առաքելութիւն տարաւ որպէս դիւանապետ:
Խաչիկին գրասենեակին մէջ կար փոքր յայտարարութիւն մը, որ կ՛ըսէր` «Ձեր այցելութիւնը կարճ պահեցէք»: Այդ «կարճ» այցելութիւնը կ՛ընդգրկէր սուրճի հիւրասիրութիւն ու ազգային, գաղութային, հայաստանեան ու գրական-հրապարակագրական այլ նիւթերու շուրջ զրոյց: Այս բոլորը` խտացուած «կարճ այցելութեան» ընթացքին: Վերջին այցելութիւնս երեւի պիտի ըլլար հրաժեշտի, երբ Խաչիկ որոշած էր միանալ իր ընտանիքին. «Քանատա կը տեսնուինք, Հրա՛յր», ըսաւ ան:
Մինչեւ նոր հանդիպում, մէկ կողմէ գնահատելի է Խաչիկ Տէտէեանի նուիրական աշխատանքը կաթողիկոսարանին եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ, միւս կողմէ` արժէ նաեւ վեր առնել ու տակաւին դիտարկել եւ մէջտեղ հանել Խաչիկ Տէտէեանի «երազը»:
Ի՞նչ է Խաչիկ Տէտէեանին երազը:
Կարդացեք նաև
Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան տարած է բծախնդիր խմբագրական աշխատանք եւ լոյսի հանած է Խաչիկ Տէտէեանին երազը` «Երազէն անդին» հատորի մէջէն: Հատորը հրատարակուած է Երեւան, 2023-ին, մեկենասութեամբ Սարգիս Պուտաքեանի:
Փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան Խաչիկի երազին հիմքը կը նկատէ այս իրականութիւնը. «Կեանքը միշտ հալածում է բանաստեղծներին»: Այդ հալածանքը կը մղէ բանաստեղծները եւ այս պարագային` Խաչիկ Տէտէեանը, որ չ՛ապրին «իրականութիւնից մեկուսի»: Այս իմաստով Խաչիկին երազը ցնորք չէ` գիշերուան մը հանգիստ քունի մէջ երեւցող դէպքեր եւ դէմքեր միայն: Այս երազներու դէպքերը կը միանան իրարու եւ կը դառնան իրական ու ապրող կեանք: Փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան կ՛որակէ այս երազները` իմա կեանքը, որպէս «մաքուր եւ արդար» ու տակաւին անոնք ծնած են «մեր դաժան իրականութեան չարաղէտ բախումից»: Ահա հոս է, որ Խաչիկ Տէտէեանին երազը չի մնար իր չապրած իրականութեան մէջ, այլ անոր երազը ունի «անդի»-ի կողմը, որ իր, մեր եւ իւրաքանչիւր հայու իրական կեանքն է, որքան որ այդ կեանքը դժուար, դառն, ցաւ ու մտահոգութիւն է եւ արցունք կ՛ընդգրկէ:
Խաչիկ Տէտէեան եւ անոր երազին երանգները կը սկսին անոր ներաշխարհէն, ինչպէս ինք պիտի որակէր` որպէս «ալեկոծումներ», որոնք կը տագնապեցնեն զայն իր ապրած կեանքի իւրաքանչիւր անցուդարձի ու իրականութեան հետ: Այդ ալեկոծումներուն մէջ ան կը փնտռէ ապրած օրերը եւ հանդիպումները, ուր կայ կարօտ, սէր ու տակաւին:
Խաչիկ Տէտէեանին ներաշխարհն է, ուր կ՛արտացոլայ ու երեւի կը պոռթկայ երեւոյթներու նկատմամբ, հանդիպումներու, կարօտի, փափաքի ու բաղձանքի ու իր երազին հասնելու տենչին: Ան կ՛ըսէ.
«Եթէ կարենայի սլաքը տանիլ ետ,
Մեկուսի պահը վերածել ողջերդի,
Կրկին հանդիպելու ջերմ խոստումի»:
Իր ալեկոծ ներաշխարհէն ետդարձ մը ընելու ցանկութիւնը կայ ու հանդիպելու «ողջերթի», իմա` լաւին:
Կը շարունակէ Խաչիկ Տէտէեան իր ալեկոծումներուն մէջէն դուրս գալու տեսլականը.
«Օ՜հ, եթէ ժամանակի սլաքը ետ երթար քառորդ դար,
Ուր մայրերն այդ կը խնդրէին հաւատք, յոյս եւ սէր
Իրենց նորածինին, կապոյտ երազներով տոգորուն,
Օ՜հ, այն ատեն գուցէ ես կարենայի դուրս գալ
Մռայլ իմ հոգեվիճակներէն ու գրկէի կեա՜նքի
Պահերը սիրուն, երազն ու սէր…»:
Ակներեւ է Խաչիկ Տէտէեանի ներաշխարհի փոթորկումը, հոն ան ունի երազը ապրելու կեանքը`«սիրուն» եւ «սէր»-ով լեցուն իրականութիւններուն մէջէն: Եթէ մէկ կողմէ Խաչիկ Տէտէեան կը տարակուսի, թէ այդ բոլորը «կարելի՞ է միթէ», ան չի յուսահատիր երբեք.
«Հաւատա՜,
Արեւը պիտի ծագի անպայման»:
Անոր երազին մէջ է մարդը եւ իր պարագային` հայը: Ան կ՛ողբայ հայ մարդուն արժէքի կեանքի ու ազգային նկարագիրի անկումին համար.
«Հայու տեսակը նոր
Մերօրեայ կեղծ հայերն են իրօք»:
Ու տակաւին` «ինքնահաւան ու պոռոտախօս»:
Խաչիկ Տէտէեանի համար արժէքը մարդուն մէջ անփոխարինելի իրականութիւն է: Իսկ անոր բացակայութիւնը «պատուհաս, ական ու զէնք» է, որ «խեղճ ամբոխը շլմորած» է:
Ան չի դադրիր արժէքի մարդը փնտռելէ.
«Փողոցներէն անյագաբաց
Գլխագիր մարդուն փնտռտուքով»:
Հայրենասէր բանաստեղծն է, կը տագնապի հայուն նահանջով.
«Ի՞նչ մնաց թաքուն մեր վիճակէն անփառունակ,
…
Գաղտնիք չէ նահա՜նջը լուռ, աղէտաբեր»:
Խաչիկ Տէտէեանի երազին մէջ անպակաս չէ Հայաստանը, որուն ճակատագիրով մտահոգ է.
«Քառորդ դար անկախութիւն…
Երազեցինք արժանապատիւ կեանք
Արդար ու հզօ՜ր պետութիւն:
Ի՞նչ ըրիք դուք այսքան ժամանակ,
Թալանեցիք, յղփացաք,
Ստեցիք ու տիրեցիք միայն,
Ողբ տարածեցիք չորսդին»:
Ան կը շարունակէ իր պոռթկումը.
«Լռենք ու անտեսենք
Մեղքերը ձեր, գահավիժումն այս անվերջ,
Մինչեւ ե՞րբ կեղեքուինք, խոնարհինք,
Լո՜ւռ համակերպինք ձեր կամքին»:
Մտահոգ բանաստեղծն է Խաչիկ Տէտէեան, որ չի կրնար լռել: Բայց ինչպէ՞ս լռել, երբ յստակ կը տեսնէ, որ`
«Անմիաբան ենք, իրերատեաց ենք,
…
Մենք ամէն ինչ ենք, բայց ոչ` ազգ»:
Բանաստեղծը թէեւ կը պոռթկայ Հայաստանի իրավիճակին պատճառով, բայց անոր սէրը հողին ու հայրենիքին հանդէպ անսահման է.
«Պիտի սիրեմ քեզ,
Հայաստան աշխարհ,
Երկիր դրախտավայր»:
Ան ջատագովն է կերտելու հայու նոր ոգին: Ան կոչ կ՛ուղղէ հայուն եւ երեւի այս իր յորդորն է նաեւ ու հաւատքը, որ`
«Գտնես քու լուսաւոր ուղին, մարտի կամք ու վճիռ`
Կերտելու նոր սխրանքներ ոգեղէն,
Կերտելու Նոր Հայու Ոգին,
Թօթափես պիտի հին թէ նոր ախտերդ բոլոր,
Վէրքերն ընկրկումներուդ անհամար
…
Ես դեռ կը հաւատա՜մ հայու հրաշքին…»:
Խաչիկ Տէտէեան լիբանանահայ բանաստեղծ է եւ ունի համակ սէր լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ: Բայց Լիբանանի երկարամեայ տագնապը զինք ալ «յոգնեցուցած» է.
«Յոգնեցայ մայրինիներուն մորմոքն ու մղձաւանջը լսելէ,
Պատերազմներուն, որ անվերջ են ու մահաբեր,
Փտածութեան, որ երկիրը վերածեց քաոսի»:
Ան Լիբանանի ժողովուրդին խօսնակն է կարծէք, երբ չի պահեր իր զգացումները. «Յոգնեցայ ալ երազելէ…»:
Այս երազին մէջ լեցուն են իրական պատկերները: Այս պարագային` Լիբանանի ճգնաժամի ապրած իրական պատկերները: Այս «երազ» չէ միայն: Այդ ապրող իրավիճակ է:
Խաչիկ Տէտէեան «Քորոնա» համավարակը կը տեսնէ որպէս «աշխարհին մաքրութիւն»: «Աշխարհին մաքրութիւն էր պէտք», կը գրէ ան: Ու տակաւին` խաղաղութիւն. «Աշխարհին խաղաղութի՜ւն էր պէտք»: Աներեւոյթ վարակը «տուաւ հանգիստ աշխարհին» ու տակաւին` «խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին»: Անպայմանօրէն` «փրկութի՜ւն»:
Այն հայն է, որ կը յիշէ եւ կը պահանջէ: Ան չի կրնար աննկատ անցնիլ Ցեղասպանութեան իրականութենէն: Ու դարձեալ պոռթկումը` թուրքին դէմ.
«Մերժեցիք ձայնը արդարութեան,
Թաղեցիք ձեր անցեալը արիւնարբու,
Լռութեան մատնեցիք խիղճը մարդկութեան,
Ու արեան մեր կանչերը վերածեցիք բարբանջանքի»:
Իր պոռթկումը ունի հատուցման պահանջ.
«Վաղ թէ ուշ
Պիտի գայ պահը մեղայի…
Պահը հատուցմա՜ն…»:
Խաչիկ Տէտէեան չի կրնար մոռնալ Արցախը, Շուշին եւ անոնց կորուստը.
«Շուշին ինկա՜ւ:
Կաղնին տապալեցաւ:
Ի՞նչ դաւադրութիւն էր սա,
Գիշերին մէջ թանձր, ու մռայլ…
Ու յանկարծ դարձանք որբ,
Կքած ժողովուրդ…»:
Հողին այս կորուստը կ՛ապրի ան.
«Հիմա գիտեմ:
…
Գողգոթան, որ կ՛ապրիմ…»:
Խաչիկ Տէտէեան գիտէ, թէ ո՛ւր է հայուն փրկութիւնը: Թէեւ կը սգայ հայուն կորուստը, բայց նաեւ անոր երազը ունի դարման.
«Մի՛ սպասեր ոչ օգուտ, ոչ կարեկցանք,
…
Քանզի ազգին, հայրենիքին շահն է նպատակը վերին»:
Անոր երազը կանգ չէ առած ու չի կրնար առնել: Կայ բանաստեղծին երազէն անդինը: Իսկ երազէն անդի՞ն.
«Այսօր փոքր է Հայաստանը, բայց մե՜րն է,
Վաղը պիտի ըլլայ ծովէ–ծով, անսահմա՜ն,
Չկասկածի՜ս երբեք դուն, որդիս»:
Ու տակաւին,
«Չմոռնաս Արարատը մեր,
…
Ան խորհրդանիշն է սրբութեան,
Մեր ցեղի անմահութեան»:
Խաչիկ Տէտէեան պատերազմին պարտութեան ու անոր պատճառած ողբերգութեան պատեանին մէջ չի մնար: Ան կ՛ըսէ.
«Պիտի բացուի նոր յաղթանակի մը արշալոյսը կրկին»:
Եւ կոչ կ՛ուղղէ.
«Ուխտենք կերտել ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, մոխիրներէն,
Ու հաւատա՜նք կրկին,
Որ մենք իրաւամբ, ապրո՜ղ ազգ ենք ոգեկիր»:
Իսկ ապրող ազգ մը ըլլալու համար ան իր գրաւը կը դնէ միասնականութեան վրայ.
«Միացէք այսօր, վաղն արդէն ուշ պիտի ըլլայ»:
Խաչիկ Տէտէեանին երազը միայն իրը չէ, երազն է իւրաքանչիւր հայուն, երազ մըն է, որ չունի սահման: Չկան միայն պատկերներ, որոնք մէկը միւսին ետեւէն միայն կը տողանցեն: Անոնք հայուն ապրող երազներն են` հայուն տագնապները, ցաւերը, ձախողութիւնները, բայց նաեւ` յոյսն ու ապագայի տեսլականը, որոնք կարմիր թելի նման կ՛անցնին եւ բոլորը կը միանան` շինելով հայուն կեանքը:
Այդ ամբողջական երազ մըն է, որ կ՛ընդգրկէ հայուն ապրած եւ տակաւին ապրող լման կեանքը: Այս ապրող կեանքի երազն է, զոր Խաչիկ Տէտէեան կը փոխանցէ ընթերցողին եւ հայուն: Ահա թէ ինչո՛ւ գիրքը կը կոչուի «Երազէն անդին»: Որովհետեւ`
«Պիտի ապրի երազը,
Ամէն հայու մտքին մէջ,
Հզօր բռունցքի վերածուած,
Գերադասուած մեր շահերէն գերիվեր,
Հասնելու համար երազին տիւ ու գիշեր»:
Շնորհակալ ենք, Խաչիկ Տէտէեան, այս երազին համար: Ոչ միայն երազին, այլ` երազէն անդինին համար ալ, հոն, ուր «պիտի ապրի երազը»:
Պիտի ապրի հայը:
Խաչիկ Տէտէեանի երազը: Բայց անպայմանօրէն հայունը` ամէնուրէք, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:
Հայուն ապրող այս երազը: Եւ որ հայը պէտք է ապրեցնէ զայն:
Երազը…
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ – ապրիլ, 2023