Դժբախտաբար Երեւանի մէջ ստեղծուած են նշաձողի իջեցման նոր տարբերակներ, համապատասխանաբար ստեղծնոր իրավիճակ, որ սկսած է դառնալ նոր գոյավիճակ:
Հակառակ Ապրիլեան հանրահաւաքներուն եւ ջահերթներուն, «վերին խաւ»-ը, կամ այսպէս կոչուած՝ «Թարշեայ ընտրանի»-ն կը մնայ լուռ ու մունջ, հետեւողականօրէն տեղի տալով թշնամիին պահանջներուն ու սադրանքներուն առջեւ, կուլ տալով պատահած անցուդարձերը։
Կարծէք թէ բաւարար չէր աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր Արցախին պարտադրուած շրջափակումը՝ Ատրպէյճանի իշխանութեան կամակատար՝ «կենսոլորտի համար պայքարող» վոհմակին կողմէ, եւ ահա, բանակայինները անցարգել հաստատեցին Արցախի համար «Յոյսի ճամբուն» մօտ գտնուող Հակարի գետի կամուրջի մուտքին։
Անշուշտ տեղին է շեշտել, թէ նոյնինքն միջանցքին ճակատագիրը հարցականի տակ է, հակառակ Մ․Ա․Կ․-ի եւ Լա Հէյի միջազգային դատարանի որոշումներուն՝ ո՛չ մէկ դրական քայլ առնուած է, շնորհիւ Երեւանի իշխանաւորներուն բացայայտ կրաւորականութեան ու անտարբերութեան։ «Թող արցախցիք իրենց գլխուն ճարին նային»ը այլ նշաձող մըն է…
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: