Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն Ցեղասպանության 108-ամյակի առթիվ Անթիլիասի Մայրավանքում հնչեցված պատգամում համազգային համախմբման կոչ է արել:
«Համազգային համախմբում՝ այլ ընտրանք չունինք»,- նշել է նա:
Հիշեցնենք.Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղիին՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ժողովրդային հաւաքով տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակի ոգեկոչումը։
Հոծ թիւով հայորդիներ հաւաքուած էին Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան շուրջ՝ լսելու համար յիշեալ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն խօսքերը, վայելելու հայկական մշակոյթը՝ գեղեցիկ երգերով եւ ասմունքներով, եւ վերջապէս հաղորդուելու Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական ոգեշունչ պատգամով։
Կարդացեք նաև
Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ճակատագրական է ներկայ հանգրուանը մեր ազգի պատմութեան։ Մութ ամպերով է ծածկուած երկնակամարը հայ կեանքին։ Անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը։ Կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը։
«Գիտե՛նք, իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել։ Սակայն, հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս ազգ կոչուած ենք խոհեմութեամբ ու համախոհութեամբ դիմագրաւելու մեզ շրջապատող բազմազան ու այլազան տագնապները, ներքին թէ՛ արտաքին։ Անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումները ըլլան իրատես եւ հայեցակէտերը՝ համապարփակ, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրները ճի՛շդ տեսնել, կացութիւնները ճի՛շդ ըմբռնել եւ մեր շուրջը տեղի ունեցող զարգացումները ճի՛շդ կերպով գնահատել՝ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ»։
Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Ապրիլ 24-ը մեր պահանջատիրական պայքարին, իր ռազմավարական ու մարտավարական տարածքներով, վերաշեշտման ու միաժամանակ վերարժեւորման յիշեցում է, որ այսօր, առաւել քան երբեք, ազգային միասնականութեան ամրապնդումի ու անոր հրամայականին անսալու մարտահրաւէր է։ Նկատի ունենալով արդի ժամանակներու գոյութենական մարտահրաւէրները, Հայրապետը հրաւիրեց լաւ տեսնելու հայրենիքին ներկայ իրավիճակը, որուն սահմաններն ու գերիշխանութունը վտանգուած են։ «Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը ո՛չ միայն ինքնիշխան Արցախին վրայ շիրմաքարի զետեղում պիտի ըլլայ, այլ նաեւ՝ Հայաստանի հանդէպ Ազրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակներու առաւել սրում», մտահոգութեամբ յայտնեց ան ու շարունակեց, որ «աննախատեսելի հետեւանքներով յղի այս վտանգալից կացութեան դիմաց, Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կոչուած Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը, բնականաբար իր շահերէն մեկնած, կը մնայ սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ։ Հայաստանը առանձին է, եւ Արցախը՝ փաստօրէն լքուած։ Սակայն, յարգանք ու պատիւ Արցախի ժողովուրդին, որ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան պատնէշին վրայ կը մնայ ամուր։ Նո՛յն պատնէշին վրայ ողջ Սփիւռքը Արցախի կողքին ու Արցախին նման կը մնայ ամուր»։
Խօսելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան մասին՝ Հայրապետը սրտի կսկիծով դիտել տուաւ, որ այդ դարձած է մակերեսային ու ճեղքեր յառաջացած են հայութեան հատուածներուն միջեւ։ Իսկ այն համոզումը, որ զիջումներ կատարելով տարածաշրջանին մէջ կը հաստատուի խաղաղութիւն՝ կը վտանգէ Հայաստանի ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը ու անկախութիւնը եւ Արցախը կրնայ անհետանալ հայ կեանքի քարտէզէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ ընդունելի չէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղ գոյակցութեան համաձայնութեան մը գոյացումը՝ ի հեճուկս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, ոչ ալ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութեան հաստատումը՝ ի հեճուկս մեր պատմական իրաւունքներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ճկուն ու իրատես դիւանագիտական մօտեցումը պէտք չէ շփոթել համակերպումի ու զիջումի քաղաքականութեան հետ։ Ազգերու իրաւունքը ճշդողը դժբախտաբար ոյժի իրաւունքն է եւ ո՛չ թէ՝ իրաւունքի ոյժը, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ հայրենիքին ապագան ու իր պատմութեան ընթացքը ճշդողը ժողովո՛ւրդն է, ժողովուրդի հաւաքական հաւա՛տքը, կա՛մքը ու տեսլակա՛նը, որքան ալ ահեղ ըլլան զինք շրջապատող պայմանները։
Նորին Ս. Օծութիւնը յորդորեց մեր ազգի զաւակները՝ «Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը շրջապատող ահաւոր սպառնալիքներուն միայն մէ՛կ հաւաքական ոյժ կրնայ դիմադրել՝ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ»։ Մեզի համար սա անժխտելի համոզում է ու միաժամանակ անսակարկելի ու անյետաձգելի հրամայական, մեր պատմութեան ներկայ վճռադրոշմ հանգրուանին։ Այլ ընտրանք չունինք։ Ու իր հայրական խրատը տալով՝ ըսաւ, որ զիրար մեղադրելով ու անգոսնելով, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները արհամարհելով, պետութիւնը եկեղեցիէն հեռացնելով հայրենիք չենք կրնար կերտել, այլ հայրենիք կը քանդենք։ Հետեւաբար, փոխանակ իրարու դէմ խօսելու, իրարու հետ խօսինք պատասխանատու ու յանձնառու ոգիով, ազգին ու հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր նկատելով եւ նոյնիսկ, ի պահանջել հարկին, մեր համոզումներէն ու կեցուածքներէն, մեր դիրքերէն ու հանգամանքներէն հրաժարելով։ Ժամանակի նշաները ճի՛շդ կարդանք ու ճիշդ կերպով կողմնորոշուինք։ Եթէ այսօր Լաչինի ճամբան փակ է մեր առջեւ, վաղը բազո՜ւմ ճամբաներ կրնան փակուիլ մեր առջեւ, եթէ չհամախմբուինք ու չդառնանք մէկ բռունցք, այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ»։
Հայրապետը, որ բազմիցս համազգային համախմբումի կոչ ուղղած է Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան համար, անգամ մը եւս շեշտեց այս օրակարգը ու մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն դիմաց կանգնած դարձեալ համազգային համախմբումի կոչ ուղղեց, այս անգամ աւելի զօրեղ շեշտով, ու արթնութեան հրաւէր ուղղեց մեր ազգի զաւակներուն, իսկ ղեկավարութեան՝ քաղաքական իրատեսութեան ու հեռատեսութեան կոչ։ «Պատմութեան դիմաց բոլորս հաւաքական նո՛յն պատասխանատուութեան կոչուած ենք՝ ըլլալ Արցախի ու Հայաստանի կողքին, ըլլալ մէկ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու կողքին, անվերապահ ու ամբողջական կերպով եւ ազգին ներուժը ի սպաս դնելով մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու կենսագործման՝ դերերու յստակեցումով, աշխատանքի բաժանումով եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ։
«Ա՛յս կը պահանջէ ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ իրա՛ւ հայրենասիրութիւնը։ Աւետարանը կ՚ըսէ.- «ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մր 4.9)» ըսելով, աւարտեց իր պատգամը:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ հայորդիներու միաբերան «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։