«Ազատ օր». Հայ քաղաքական միտքը իրաւունք չունի անտէր ձգելու հայ երիտասարդը։ Երիտասարդութիւնը մեր ապաւէնն է, պայքարի դրօշակիրը, որուն աչքերուն վրայ մշտապէս յառած է հայ ժողովուրդը, ամէն անգամ որ ցեղին ձայնը ազդանշանը տուած է։
Սակայն այսօր, երբ հայութեան մեծ հատուածները կը գտնուին հիասթափութեան մթնոլորտին մէջ ինկած ըլլալու իրականութեան տակ, հայ քաղաքական միտքը եւ մտաւորականութիւնը պարտին քալել նոր հերոսապատումներու ակնկալիքի յոյսին մէջ։ Ժողովուրդը կարիքը ունի յոյսի աղբիւրէն իր ծարաւը յագեցնելու։ Երիտասարդութիւնը պէտք ունի այն յուսատու ազդանշանին, որպէսզի հայոց պահանջատիրութեան ոգին վերստին բոցավառումի կայծը սփռէ անոր սիրտին մէջ։
Այսօր, երբ վերանկախացած հայրենի քաղաքական կեանքը արդէն բոլորած է երեսուն տարիներու փորձառութեան շրջանը, պարտաւոր ենք նոր ուղիներէ առաջնորդել հայ երիտասարդութեան գիտակից եւ նուիրեալ զանգուածները։ Հայկական երկինքին տակ ներշնչուող մտաւորականը պարտի իր գրիչով ու խօսքով նոր հերոսական կերպարներ ստեղծել, անոնք, որոնք Րաֆֆիներու եւ Ռուբէններու օրերէն կը շարունակեն հերոսապատումներու տեսիլքներ կայծկլտել երիտասարդ կազմուածքներուն մէջ։
Կարի՛քը ունինք յանձնառու սերունդներուն։ Ժողովուրդներու հերոսական էջերը ոչ սոսկ պահու, ոչ ալ պատահական իրադարձութիւններու ծնունդը եղած են։ Անոնք մտաւորական գործին մէջէն վերազարթնումի, քաղաքական հասունութեան, միասնական պայքարունակ ոգի ստեղծելու կենսատու աւազանը եղած են, որոնց մէջ սերունդները մկրտուեցան ազատ ու անկախ ապրելու խորհուրդով։
Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը հայ աշխարհը պէտք է մղէ ազգային մտածողութիւնը վերանայելու եւ վերաորակաւորելու ճիգին։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ ՝ «Ազատ օր»-ում