Տարբեր պայմաններու տակ կը նշուի այս տարուան Ապրիլ 24-ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը։ Տարբերը՝ թէ՛ բազմապիսի տարբերութիւններն են, եւ թէ՛… ոմանց անտարբերութիւնը:
Անտանելի դարձած շրջափակումի մէջ է Արցախը՝ ահաւասիկ աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր։ Եւ հակառակ բազմաթիւ կոչերու եւ որոշումներու՝ ամէնէն նօսր գաղութէն մինչեւ Լա Հէյի միջազգային ատեան՝ ոչ մէկ բան փոխուած է։
Որքա՜ն կարելի է դիմանալ, սպասել եւ անշուշտ՝ հաւատալ կիսատ-պռատ խոստումներու, որոնք կը հնչեն Երեւանի վարիչներէն, մինչեւ Լա Հէյի կամ Սթրազպուրկի միջազգային բեմահարթակները եւ պետական այլ ոլորտներ։
1915-ին, բազմամիլոնանոց արեւմտահայութիւնն էր, որ զոհ գնաց ահաւոր դաւադրութեան մը, տուաւ մէկ ու կէս միլիոն զոհ, բազմահարիւր հազարաւորներ դարձան գաղթական ու անհայրենիք: Ոճիրին հեղինակն էր այդ օրերու Թուրքիոյ իշխանութիւնը, մասնակցութեամբ ժողովուրդին: Ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւերով շարունակուեցաւ անցեալ տասնամեակներուն: Այսօր, 120 հազար բնակիչ հաշուող Արցախը, ուր կան երեսուն հազար մանուկներ ու պատանիներ, թիրախ է միւս թուրքին՝ ազերիին, որ իր քարիւղի հարստութեամբ կը ներգրաւէ, կը հմայէ, կը հրապուրէ եւ փաստօրէն կը խաբէ Արեւմուտքը, որ ամէնայն անարդարութեամբ «աչք ու ականջ կը գոցէ» եւ տարբեր բեմագրութիւն կը ներկայացնէ՝ աղաւաղելով իրականութիւնը, անշուշտ միշտ ու միշտ օգտագործելով փեթրոտոլարներու «բանալի»-ն։ Եւ անշուշտ նոյնինքն Թուրքիա ոտքով-ձեռքով մասնակից է ազերիական ոճիրներուն:
Կարդացեք նաև
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: