ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Բացորոշ է, որ յատկապէս 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք, բայց մանաւանդ` ցեղասպանական յստակ նկրտումներով, 125 օրերէ ի վեր, անմարդկային շրջափակման տակ պահուող Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները ենթարկուած են տագնապալի եւ ծանրակշիռ վիճակի:
Մարդիկ ճարահատ կ՚ուզեն դարձնել, որպէսզի ստիպուին Արցախէն մեկնելու:
Ամէն գնով պէտք է առաջքը առնել հնարաւոր անդառնալի բոլոր հետեւանքներուն: Կտրականապէս պէտք է կանխել Արցախի հայաթափումը, որուն ակնյայտօրէն կը ձգտի Ատրպէյճանը:
Մէկ անգամ ընդմիշտ, անհրաժեշտ է որ գիտակցինք թէ արհաւիրքներով լի եւ խիստ ճակատագրական այս օրերը կրնանք յաղթահարել միայն ամբողջական միասնականութեամբ:
Հասած է ճակատագրական պահը: Որովհետեւ Արցախի լինելութիւնն է խնդրոյ Առարկան:
Կարդացեք նաև
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Շրջանային Վարչութիւն