Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վերջ կը տրուի՞ ապազգայնացման նահանջներուն. «Հայրենիք»

Ապրիլ 15,2023 11:19

Ամէն բանի մասին կը խօսինք, բացի՝ պարտութենէ: Եթէ դեռ պարտութինը յաջողութիւն եւ յաղթանակ չհամարենք:

Աւելի դժուար է խօսիլ այն պարտութիւններուն մասին, զորս ժողովուրդ մը կը պարտադրէ ինքնիրեն: Երեւակայեցէ՛ք բանակ մը, որ կը հարուածէ իր դիրքերը, ամրութիւնները, յառաջապահները, յետսապահ գունդերը, այդ արարքներուն համար ամբաստանուելիք թշնամի չկայ, հետեւաբար պէտք է սուր ճօճենք մենք մեզի դէմ:

Անկախ քաղաքական եւ ռազմական պարտութիւններէն, մենք սովորութեան վերածած ենք մեր ինքնութեան եւ մշակութային նահանջները, որոնք համագումար պարտութիւն են, բայց զանոնք որպէս այդպիսին չենք ընդունիր, ինքնադատապարտութենէ խուսափելու համար, կը թաքնուինք սին փաստարկներու ետին: Ինչպէ՞ս կրնանք ըսել, որ թշնամին ոչ միայն արտաքին կամ ներքին է, այլ՝ մենք ենք:

Այսօր կրկին կը խորհիմ մեր ինքնութեան կռուան հայերէնի մասին, որուն տէր չենք, պարտուած ենք, կը շարունակենք մենք մեզ պարտութեան մատնել, դառնալով օտարախօս եւ օտարագիր: Այս պարտութեան համար ցարդ ԱՄԵԱԿ չենք հնարած, ինչպէս տասը օր ետք մեր յիշատակելիք ԱՊՐԻԼ 24-ը:

Գոյութենական-քաղաքական հարցում. Մինչեւ ե՞րբ կրնանք տեւել որպէս ինքնուրոյն ազգ եւ պետութիւն, խօսելով երկու հայերէն, զանոնք գրելով երկու ուղղագրութեամբ, խօսելով անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն փորթուկալերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, արաբերէն, եւ դեռ՝ թրքերէն, վաղն ալ չինարէն, հնդկերէն, հետեւելով համաշխարհային ազգ ըլլալու տանող փուչիկ փառասիրութեան միգամածներու ծիրերուն:

Հայ պետութիւնը, անոր ակադեմիան, մեր կաթողիկոսները, ազգային իրաւութեամբ առաջնորդուող կուսակցութիւները, հարազատ եւ ոչ-այլասերած մտաւորականութիւնը, ինչո՞ւ միացեալ ճիգով պիտի չիրականացնեն ինքնութիւն-լեզուի վերականգնման էապէս ազգային Յեղափոխութիւնը: Այս կ’ըլլայ տոկալու եւ տեւելու մեծ նուաճում, զոր ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն: Ազգի ինքնութիւն կերտած եւ պահած հայերէնը թանգարան դրած եւ խեղաթիւրած Էսթէպլիշմընթները ինչպէ՞ս ղեկավարութիւն կը խաղան առանց հաղորդուելու Պատմահայր Խորենացիի ՈՂԲով, որ նաեւ այսօրուան ՈՂԲ է, հայերէն եւ հայագիր: Քաղաքական գիւտարար ըլլալու կարիք չկայ, եթէ այդ էսթէպլիշմընթները, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք, կարդան եւ առաջնորդուին Խրիմեանի քաղաքական իմաստութեամբ, որ դաջուած է անոր «ՊԱՊԻԿ եւ ԹՈՌՆԻԿ»ին մէջ, որ ՀՈՂԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐԸ… պատգամելով ԹՈՌՆԻԿԻՆ՝ ԱՆՀՈՂ ՉՄՆԱՍ, եւ միշտ Ռաֆայէլ Իշխանեանի հետ կրկնելով քաղաքական հիմնական հարցումը, թէ ԱՌԱՆՑ ԼԵԶՈՒԻ Ի՞ՆՉ ԱԶԳ:

Վերջ կը տրուի՞ ապազգայնացման նահանջներուն եւ զանոնք տնտեսող-յանձանցող «սնափառութիւններու սպասարկող շաու»-ցուցամոլիկութիւններուն, որպէսզի ազգը իր ինքնութեամբ վերականգնի՝ տոկալու եւ տեւելու համար:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930