«Եռագոյն». Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու մէջ տեղի կ՛ունենայ արցախեան ձեռնարկ, որուն ընթացքին կը ներկայացուի «Արցախի կոթողներ» շրջուն ցուցահանդէսը, կը կատարուի Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին զեկոյց, եւ տեսերիզ մը կը ցուցադրուի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան մասին, որ կը ներկայացնէ «Արցախ մոնումընթց» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Հայրապետեանը:
Հինգշաբթի, 23 փետրուարին Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի կոթողներ» շրջուն ցուցահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները:
Նախքան նկարները դիտելը` աշակերտները առիթը ունեցան լսելու Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին, որուն մասին զեկուցեց «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզը:
Ուրբաթ, 24 փետրուարին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՋԱՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկը: ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ եւ Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան աշակերտներուն ներկայացուց Արցախի ներկայ կացութիւնը, արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց ամուր կամքը: Յաջորդ օրերուն աշակերտները առիթ ունեցան դիտելու շրջուն ցուցահանդէսին նկարները:
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ ՝ «Եռագոյն»-ում: