Կը ծագին անխուսափելի հարցումներ: Այդ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ճիշդ որո՞ւն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է այս նոր ճամբու ծրագիրին մասին եւ արդեօք ինչո՞ւ մինչեւ վերջին վայրկեանը ոչինչ ըսուած էր այդ գծով: Սա չի՞ նշանակեր, որ «Ատրպէյճանը Արցախի դէմ նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստէ» յայտարարողները՝ Փաշինեան, արցախցի Արայիկ եւ գործակիցներ, խորքին մէջ, վարագոյին ետին յամառօրէն կը շարունակեն Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան հասցնող դաւադիր վարքագիծը: Ազերիական այս նոր յառաջխաղացքը յաւելեալ որքա՞ն հողի զիջում կը նշանակէ: Բնականաբար նաեւ՝ ո՞վ պիտի երաշխաւորէ, որ ազերիական ուժերը վաղը այլ յառաջխաղացքներ պիտի չկատարեն եւ հանրութիւնն ալ պիտի իմանայ, որ ատիկա կ’ըլլայ (գաղտաքողի) համաձայնութիւններու ճամբով:
Եթէ պահիկ մը հետեւինք այս իշխանաւորներու տրամաբանութեան եւ Արցախը տեսնենք մեր մայր հայրենիքէն անջատ տարածք, ի՞նչ պիտի ըլլան բացատրութիւնները, երբ յաջորդ փուլին՝ ազերիական ուժեր յառաջխաղացքներ արձանագրեն մէկ կողմէ՝ Նախիջեւանէն, միւս կողմէ՝ Արցախէն ու նոյնինքն Հայաստանէն խլուած տարածքներէ (Սեւ լիճ, Ջերմուկի բարձունքներ, Սոթք…):
Մեր ժողովուրդին կուրութիւնը, ուղեղներու բթացումը սահման ունի՞: Որքա՞ն, մինչեւ ո՞ւր կարելի է հանդուրժել, որ «ժողովուրդին կողմէ ընտրեալ» իշխանութիւնը ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ եւ առանց զինեալ ու քաղաքական-դիւանագիտական հակադարձութեան՝ պատառ-պատառ կորուստի մատնէ մեր հայրենիքը, շարունակէ յանցանքի բաշխում կատարել՝ նշաւակ դարձնելով մէյ մը «նախկիններ»ը, ուրիշ օր մը՝ ռուս խաղապահները, վաղը նաեւ… եւրոպացի դէտերն ու (շղթան դո՛ւն շարունակէ, ընթերցողս):
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: