Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Միայն կը մնայ, որ Երեւանի իշխանութիւնները բոլորէն առաջ գիտակցին այս իրականութեան եւ ըստ այնմ համակարգեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դրոյթները. «Հայրենիք»

Մարտ 31,2023 12:22

Ներկայ դրութեամբ Արցախ շրջափակման ենթակայ չէ, այլ բառին ամբողջական իմաստով պաշարման տակ կը գտնուի։

Գետնի վրայ արձանագրուած այս զարգացումներուն ծանր մթնոլորտին մէջ է, որ Պաքուի իշխանութիւնները երկրորդ անգամ Ղարաբաղի հայերուն ներկայացուցիչները Պաքու հրաւիրեցին՝ վերահամարկման հարցեր քննարկելու համար։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը ջանան արցախցիները ներքաշել չափազանց վտանգաւոր հոլովոյթի մը մէջ՝ վերահամարկման խնդիրներու քննարկման քողին տակ ուղղակի կապերու միջոցով արցախցիները դնելու համար կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման, թէ պաշտօնական կապեր հաստատելով Պաքուի իշխանութիւններուն հետ, ինքնաբերաբար ճանչցած, ընդունած եւ ընկալած կ՛ըլլան «վարչական Ղարաբաղ»ը Ատրպէյճանի անբաժան մասը ըլլալու մասին Պաքուի իշխանութիւններուն քաղաքական ծրագիրը։ Երկրորդ հրաւէրն ալ մերժելով՝ Արցախահայութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ոչ մէկ պարագայի ետդարձ պիտի կատարուի Ինքնորոշման իրաւունքի արդար եւ իրաւացի պահանջէն։ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այն պատճառաբանութիւնը, թէ Արցախի խնդիրը փակուած է՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմին շնորհիւ, այսօր աւելի քան կը յամարուի արմատապէս սխալ ենթադրութիւն մը, որովհետեւ խնդրին էութիւնը կը յամենայ եւ ոչինչ լուծուած է։

Ամէնէն կարեւորը այն է, թէ երկուութիւն պէտք չէ յառաջանայ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն եւ ընկալումներուն միջեւ, ինչ կը վերաբերի Արցախի հայութեան ինքնորոշման արդար իրաւունքին, որ բնաւ կարելի չէ փոխարինել «Ատրպէյճանի մաս վարչական Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն իրաւունքներուն եւ ապահովութեան երաշխիքներով»։

Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրը Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական թէ այլ բնոյթի շահեր ունեցող շրջանային պետութիւններու պատկերացումներուն եւ ակնկալութիւններուն համապատասխան դարձնելը մեծ ճիգ, խոհեմ քաղաքականութիւն եւ համահայկական միասնականութիւն կը պահաջէ եւ ասոնք իրականութիւն դարձնելու համար հայութեան չի պակսիր ներուժը, տեսլականը եւ կամքը։ Միայն կը մնայ, որ Երեւանի իշխանութիւնները բոլորէն առաջ գիտակցին այս իրականութեան եւ ըստ այնմ վերաձեւակերպեն ու համակարգեն Հայաստանի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան դրոյթները՝ ի մի բերելով հայկական ամբողջ ներուժը, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ հայկական մէկ ու միացեալ կեցուածքներով ուշադրութիւն կեդրոնացնել արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին ապահովման վրայ։ Դիւանագիտական խաղին օրէնքները այս տեսանկիւնէն պէտք է ձեւաւորուին։ Այլապէս նոյնիսկ Արցախի ներկայ իրավիճակին գոյավիճակի (status quo) փոխուիլը ահաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031