Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նման վիճակ հանդուրժելի չէ, եթէ չենք ուզեր իշխանութեան կողքին մասնակից ըլլալ հայրենի հողերու յաւելեալ կորուստներու. «Հայրենիք»

Մարտ 31,2023 11:05

Արդեօք կարելի՞ է հաւատալ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի խօսքերուն, թէ Պաքու եւ Երեւան շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել:

Հաւատալէն աւելի, որքանո՞վ արդար, այսինքն՝ հայանպաստ պիտի ըլլան պայմանները, մանաւանդ, որ Պլինքընի գործակից եւ Ա․Մ․Ն․-ի արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լուի Պոնօ կը շարունակէ յայտնել, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ հետեւողական աշխատանք կը տարուի, որպէսզի կողմերը հասնին տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան, ժամանակը չէ Ատրպէյճանին զինուորական օգնութիւնը դադրեցնելու։ Այս ընտրանքին արդէն իսկ բազմաթիւ քոնկրէսականներ թեր քուէարկած են եւ, աւելին, անոնք նամակ յղած են պետական արտաքին գործառնութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնախումբի պատասխանատուներուն, որ Ատրպէյճանը չանտեսելը անպայման նկատի ունենան՝ յառաջիկայ տարուան արտաքին նիւթական օժանդակութեան մասին օրինագծի մշակումը աւարտելու համար:

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին՝ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկուցում տալու պահուն, բաւական յստակացուց, թէ փոխընդունելի ձեւաւորումներ կատարուած են, սակայն բազմաթիւ հարցեր դեռ քննարկման ընթացքին մէջ են։

Շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ հեռաւոր Եւրոպայի կեդրոնը, մթնոլորտը պայթուցիկ է եւ իսկապէս մտահոգիչ: Այս վիճակին դիմաց, Երեւանի դիւանագիտական եւ պաշտպանական բազուկները գործնապէս կը մնան… անգործ, հետեւաբար, կը մնան լուրջ հարցադրումի տակ։ Խաղաղութեան հետամտութեան քարոզները կը խաչաձեւեն նոր պատերազմի, մինչեւ իսկ նոր ցեղասպանութեան մասին մտավախութիւնները, որոնք կը ծագին նոյն բերաններէն եւ շփոթի կը մատնեն ժողովուրդը, իսկ շփոթը կը հասցնէ անտարբերութեան, կրաւորականութեան եւ «անկարող ենք» շապիկը աւելի՛ ամուր հագուելու վիճակի:

Նման վիճակ հանդուրժելի չէ, եթէ չենք ուզեր իշխանութեան կողքին մասնակից ըլլալ հայրենի հողերու յաւելեալ կորուստներու, հայրենիքի՛ն ու պետութեա՛ն կորուստին. այլ խօսքով, խաղաղութիւն պահպանելու համար պատերազմի պատրաստ ըլլալը, զինեալ եւ դիւանագիտական պատերազմի ունակ ըլլալը կը դառնայ աւելի քան հրամայական:

Խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031