Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այդ բոլորը բաւարար չէի՞ն հասկնալու՝ թէ ո՛վ էր հինգերորդ շարասիւնին հրամանատարը. «Հայրենիք»

Մարտ 25,2023 10:13

Ո՛չ մէկ շարասիւն կրնայ մնալ Հայոց բանակին մէջ, եթէ Հայոց Վարչապետը շարունակէ գործել այս ընթացքով։ Երբ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ շարասիւները ոչնչացնելու դիտաւորութիւն կայ, բնական հետեւանքը կ’ըլլայ լուսարձակի տակ բերել երեւակայական հինգերորդ շարասիւն մը։

Շարունակե՞նք: Նոյն ընթացքով ո՛չ սիւն կը մնայ, ո՛չ ալ՝ Սիւնիք. տեսէ՛ք թէ ո՛ւր կրնայ հասնիլ Հայաստանը՝ «Իմ Քայլը» շարժումի ղեկավարին լեզուամարզանքային եւ անճրկոտ, մարաթոնային մամլոյ ասուլիսներուն ճամբով։

Դարձեալ դժուար եղաւ հետեւիլ չորս ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող այս «տեղքայլային» մարաթոնին, որ կ՛ընդգրկէր զանազան նիւթեր, տնտեսութենէն մինչեւ բուն նիւթը՝ Արցախը։ Դժուար էր ո՛չ միայն տեւողութեան եւ անիմաստ ու անկապակից կրկնութիւններուն պատճառով, այլ որովհետեւ ղեկը կորսնցուցած ղեկավարը դարձեալ ինկած էր աղաղակող ինքնահակասումներու, կեղծիքի եւ անիմաստ ոստոստումներու՝ ի՛ր իսկ սարքած ոստայնին մէջ: Ալ ի՞նչ խօսք՝ իր մէկ բնակարանը վաճառել չկարենալու այլանդակ մուրացկանութեան մասին:

Մամլոյ ասուլիսի դրութիւնը «ժողովրդավարականացած» էր, այսինքն այս անգամ հարցումները «ել-նամակուած» չէին ու մէկ լրագրողի ներկայութեամբ չէր պայմանաւորուած, այլ ֆիզիքապէս ներկայ էին բազմաթիւ լրագրողներ, որոնց մէկ մասին պատկանելիութեան եւ որդեգրած ընթացքին մասին պրպտումներ կատարելը, ինքնին, կրնայ հասցնել այլ տեսակի հինգերորդ շարասիւնի մը գիւտին:

Դժուար է բացատրել, մեկնաբանել կամ պարզաբանել 19 Բաղրամեան Պողոտայի ղեկավարին արտայայտութիւնները, վերլուծումները, նիւթէ նիւթ ցատկելու, ինքզինք հակասելու անսահման «կարողութիւններ»-ը։

Կը խօսուի ծանր պարտութեան մը մասին, առանց նկատի ունենալու, թէ նուազագոյն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը պիտի ըլլար այդ պարտուած ղեկավարութեան անվերադարձ հեռացումը, երբ իր իսկ հաստատումով՝ մինչեւ օրս կը տառապի իր աշխարհաքաղաքական կառոյցով, իսկ դիւանագիտութիւնը բթացած է եւ կարծէք թէ դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

Հինգերորդ Շարասիւնի մասին խօսելով, վարչապետ Փաշինեան հարցականի տակ կ՛առնէ բանակ մը, որուն տասնեակ մը զօրավարները, պատերազմի ամենէն աւելի տաք օրերուն, կանչուեցան ապահով թաքստոց մը եւ ստացան մետալներ, փոխանակ դիրքեր պաշտպանելու։ Միթէ այդ հրահանգը հինգերորդ շարասիւնէ՞ն տրուած էր, ներառեալ պաշտպանութեան նախարարութեան ամենօրեայ «Յաղթելու ենք» ու նման ապատեղեկութիւնները։ Այդ բոլորը բաւարար չէի՞ն հասկնալու՝ թէ ո՛վ էր հինգերորդ շարասիւնին հրամանատարը…

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031