Կասկածէ դուրս է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն կրնար եւ պատրաստակամ չեն՝ ապահովելու համար Արցախահայութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը։ Արցախեան առաջին գոյամարտին դրդապատճառները, Արցախեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքները եւ հետեւանքները, ինչպէս նաեւ ներկայ իրավիճակը ասիկա կ՛ապացուցեն եւ հայկական կողմը կը մղեն ըլլալու ոչ թէ կասկածամիտ, այլ համոզուած, թէ Ատրպէյճան ոչ մէկ պարագայի նպատակ ունի Արցախի հայութեան իրաւունքները տալու եւ զանոնք պաշտպանելու։ Իսկ երբ կը խօսինք Արցախահայութեան իրաւունքներուն մասին, առաջին հերթին եւ առաջին գիծի վրայ կու գայ Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, որ այսօր ամբողջութեամբ կ՛անտեսուի։
Արցախի տագնապին նկատմամբ Ատրպէյճանական պաշտօնական դիրքորոշման ժխտականութիւնը չէզոքացնելու եւ խնդրին ճիշդ էութիւնը միջազգային ընտանիքին եւ որոշումներու մայրաքաղաքներուն քաղաքական հաշուարկներուն հետ համաձայնեցնելու ծանր եւ պատասխանատու գործը Երեւանի իշխանութիւններուն եւ ամբողջ հայութեան պարտաւորութիւնն է, որպէսզի Արցախահայութեան ինքնորոշման արդար իրաւունքը ապահովագրելով՝ կարելի ըլլայ հայկական ճակատին դիմադրականութիւնը ամրապնդել եւ ազգային քաղաքականութեան վճռորոշ դրոյթներուն մէջ իր արժանաւոր տեղն ու դիրքը շնորհել Արցախահայութեան՝ նկատի ունենալով, որ հայութեան ազգային շահերուն ապահովման խուլ պայքարին մէջ արցախի ժողովուրդը առաջին գիծի վրայ կը գտնուի։ Արցախի տագնապին ի նպաստ Արցախահայութեան ազգային շահերուն լուծումը միայն լոզունգ չէ։ Հետեւաբար կարիքը ունի համահայկական ներուժի, հաւատքի եւ տեսլականի։ Որպէսզի Արցախը հայութենէ չպարպուի։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: