Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ կը նահանջենք, ինչո՞ւ կը պարտուինք. «Հայրենիք»

Մարտ 11,2023 10:37

Հայկական լրատուամիջոցները, մամուլը, հրապարակագրութիւնը եւ հրապարակախօսութիւնը, այլեւս տարին մէկ անգամ իսկ չեն յիշեր Արեւմտահայաստանը եւ Արեւմտահայ ժողովուրդի դատը, Հայրենակցական Միութիւններն ալ դադրած են, անոնք գէթ տեղանուններ կը յիշեցնէին: Նոր սերունդը այլեւս չի լսեր ո՛չ Չմշկածագ, ո՛չ Վան, ո՛չ Բաղէշ, ո՛չԱրտամէտ, ո՛չ Ալաշկերտ, ո՛չ Տարսոն, ո՛չ Լիմ, ո՛չ Կտուց, ո՛չ Արածանի, ո՛չ Ախուրեան: Այդ անունները չեն ալ յիշուիր ժողովրդական երգերու մէջ, որպէսզի լսուին: Անոնք դարձած են հին մոռցուած պատմութիւն: Արդեօ՞ք յիսուն տարի ետք Գետաշէն, Շուշի, Բերձոր պիտի արժանանան նոյն ճակատագրին, յայտնուելով նոր անուններով, ինչպէս կիլիկեան թագաւոր Լեւոնի բերդը՝ «Եիլան Գալէ», Կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսը՝ «Քոզան»…

Մօտաւոր անցեալին հայ մարդիկ կը յիշէին, որ մէկ կամ երկու սերունդ առաջ, իրենց հայրերը կռիւ մղած էին իրենց աշխարհները պաշտպանելու համար, ըսած էին ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ, քանի որ անհաւասար կռիւ էր. Վան, Զէյթուն, Ուրֆա, Մուսա Լեռ, եւ բազմաթիւ ուրիշ քաղաքներ: Անոնց մասին այլեւս չի խօսուիր եւ ինքնութիւններ կը խաթարուին, կը հաշտուինք մնայուն կացութիւն դարձած գաղթականի վիճակին հետ, զոր կը շպարենք եւ կը փոխարինենք նոր երկիրներու եւ քաղաքներու անուններով, վանեցին նիւեորքցի է, սսեցին՝ պէյրութցի, այնթապցին՝ քանատացի, չմշկածակցին՝թորոնթոցի, Հրեշտակներու քաղաքի կամ ագեվազներու երկրի քաղաքացիներ, կը փոխուին նաեւ անունները իրենց հետ տանելով պատկանելիութեան եւ իրաւունքի յիշողութիւնները, կը յառաջանայ շարունակութիւն չեղող նորը, եւ ոչ ոք կ’անհանգստանայ:

Ինչպէ՞ս յիշողութիւն պիտի պահուի, որպէսզի տէր ըլլանք:

Արեւմտահայաստանը եւ Կիլիկիան ալ հայու հայրենիք էին… Այս մոռնալ պարզապէս ապազգայնացոմ է, ապաղաքականացում, որ մեր պարտութիւնն է եւ թշնամիի յաղթանակը:

Բոլոր պարտութիւններու ենթահողը հոգեբարոյական նահանջն է: Այս հասկնալով պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ կը նահանջենք, ինչո՞ւ կը պարտուինք:

Այս զգացումները կ’ունենանք, այս մասին կը մտածենք, երբ կը դիտենք Անիի պարիսպները եւ եկեղեցիները, երբ կը դիտէք Վանի Աղթամար կղզին եւ եկեղեցին, թղթատելով գիրքերու էջերը, կամ երբ որպէս անզօր պատահական զբօսաշրջիկ կը կանգնիք անոնց դէմ:

Այս մտածումներու հունով, կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ տարուան մէկ ամիսը չյայտարարել ՎԱՆԻ ԱՄԻՍ, ՍԻՍԻ ԱՄԻՍ, ՈՒՐՖԱՅԻ ԱՄԻՍ, ԲԱՂԷՇԻ ԱՄԻՍ, ԱԼԱՇԿԵՐՏԻ ԱՄԻՍ, ԱՐԱԾԱՆԻԻ, ՍԱՍՈՒՆԻ, ՄՈՒՇԻ, ԱՏԱՆԱՅԻ, ԿԱՐՍԻ… բարոյապէս տէր մնալու համար, յիշողութիւն չկորսցնելու եւ անանցեալ չըլլալու համար: Գէթ յիշելու եւ նոր սերունդին յիշեցնելու համար՝ որ տէր էինք:

Ժողովուրդը իր հարազատ ազգային նկարագրով պահելու եւ վերականգնելու համար, պէտք է վերականգնել անոր յիշողութիւնը, բովանդակութիւն տալով անոր:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031