Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Դիւանագիտական աշխատանքները կատարել այնպէս մը, որ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրուի. «Հայրենիք»

Մարտ 11,2023 10:12

Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին մասին կատարած՝ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի յայտարարութենէն մինչեւ Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութւիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան այցելութիւնները ցուցանիշ են, որ հակառակ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պնդումներուն, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած է եւ անիկա անցեալին կը պատկանի, միջազգային ընտանիքը տակաւին ունի որոշ ընկալումներ, թէ արցախցիներուն ինքնորոշման խնդրին քննարկման համար պէտք է յարմար հարթակ մը գտնել եւ անցնիլ աշխատանքի։ Այս տրամաբանութեամբ ալ կատարուող յայտարարութիւնները հայկական կողմին համար ոչ թէ խանդավառութեան, այլ դիւանագիտական լուրջ եւ տինամիք գործունէութեան մղիչներ պէտք է հանդիսանան։

Այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի բնապահպաններ երբ փակեցին Բերձորի միջանցքը, աւելի քան յստակ դարձաւ, որ ատրպէյճանական կողմը բնաւ մտադրութիւն չունի ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած՝ միջանցքին կապուած իրողական վիճակը ընդունելու եւ ըստ այնմ իր պարտաւորութիւնը կատարելու, միջանցքը ապահով եւ բաց պահելու իմաստով։ Ընդհակառակը գրեթէ առօրեայ դրութեամբ ատրպէյճանական ուժերը տարբեր տեսակի ճնշումներով ջանացին Պաքուի իշխանութիւններուն պատկերացումները հայկական կողմին պարտադրել՝ ապաքարոզչութեամբ, ապատեղեկատուութեամբ եւ խեղաթիւրման քաղաքականութեամբ, որպէսզի արցախահայութիւնը ճնշումներու ենթարկեն եւ ազատ ու ինքնիշխան Արցախի հողերուն վրայ ապրելու արցախցիներուն կամքը կոտրեն։ Երբ ատրպէյճանցի զինուորներ կրակեցին արցախցի ոստիկաններու վրայ եւ ապա յայտարարեցին, որ անոնք քաղաքային ինքնաշարժներով զէնք ու զինամթերք կը փոխադրէին, հերթական անգամ դիմեցին ապատեղեկատուութեան եւ փորձ կատարեցին զոհը իբրեւ զէնքի մաքսանենգ ներկայացնելու։ Նման կացութեան մէջ միջազգային դերակատարներու ռազմաքաղաքական շահերու բախումը եւ տնտեսական գործօնները բաւական մեծ ազդեցութիւն ունին։ Այս իրողութիւնն է, որ նկատի պէտք է առնուի եւ հայկական դիւանագիտութեան ուշադրութեան առարկան դառնայ, որպէսզի խնդրին լուծման ուղիները չականապատուին։

Արցախի անկախ շրջանները հիմք են ապագային գրաւեալ բաժինները ազատագրելու համար։ Առանց այս տրամաբանութեան, կարելի չէ աշխատանքի անցնիլ։ Եթէ գործենք «գոնէ մնացածը պահելու եւ արցախցիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու» տրամաբանութեամբ, հրաժարած կ՛ըլլանք Արցախը անկախութիւնը ձեռք ձգելու համահայկական նպատակէն։ Այլ խօսքով՝ տեղի պէտք չէ տալ միջազգային թէ թուրք- ատրպէյճանական ճակատին ճնշումներուն դիմաց եւ դիւանագիտական աշխատանքները կատարել այնպէս մը, որ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրուի։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031