Վաղը կրնան նոր իրադարձութիւններ յաջորդել: Արդէն սովորական դարձած է կրկնել այլ պարտուողական յանկերգը, թէ մոգական գաւազանով մը կարելի պիտի չըլլայ բանալ «Կեանքի ճանապարհ»-ը։ Իսկ թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ալիեւեան հրահանգ մը մէկ օրուան մէջ կը փակէ ճամբան եւ կազատարին ու ելեկտրականութեան հոսանքին հետ՝ զայն խաղալիք կը դարձնէ ի՛ր մոգական գաւազանին՝ կը մնայ «մե՜ծ հանելուկ»:
Հայրենի դիւանագիտութիւնը շատ գործ ունի կատարելիք, կը կանգնի ահագնացող մարտահրաւէրներու դիմաց, սակայն դժբախտաբար կը մնայ մեծագոյն բացականերէն մէկը: Հայկական արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ընդհանրապէս բացակայ է միակամութիւնն ու յատկապէս «ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին վրայ, ճիշդ ժամուն» ունենալը։ Ճիշդ է, որ եւրոպական դաշտերու մէջ մերթ ընդ մերթ միաձայնութիւն կը հնչէ, սակայն անոնք կը ներկայանան իբրեւ մէկ-երկու ծաղիկ, որոնցմով գարուն չի գար: Ներքին բեմին վրայ նման դրական շարժեր (գոնէ նախանշաններ) հակակշռող քայլերը չեն ուշանար, մասնաւորաբար ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքները կրկին ու կրկին գլուխ կը բարձրացնեն, անուղղակիօրէն ջուր լեցնելով թրքական քմահաճոյքներու ջաղացքին:
Այս ճգնաժամային օրերուն, որեւէ թերացում կամ յապաղում վնասաբեր է թէ՛ Արցախի հիմնահարցի լուծման եւ թէ՛ հայրենի պետականութեան։ Անգամ մը եւս շեշտենք, որ իշխանութիւն եւ պետականութիւն նոյնը չեն, ու այս իշխանութիւնը իրերայաջորդ հարուածներ կը հասցնէ պետականութեան: Իշխանութիւնները փոփոխական են, պետականութիւնը պէտք է պահպանել անխախտ:
Անհեթեթութեանց օղակներն ալ մրցավազքի մէջ են: Իսկապէս, ի՜նչ հեգնանք. Թուրքիայէն խաղաղութիւն մուրացող իշխանաւորները երազնե՜ր կը հիւսեն՝ փուլ եկած Անիի դարաւոր կամուրջին վերակառուցման եւ «մետաքսի ճամբուն» վերաբացման մասին, գրեթէ մոռցած՝ որ Բերձորի «կամուրջ»-ին թնճուկը կը մնայ անլոյծ, կը մնայ… համաթուրանականութեան ծրագիրին մէկ օղակը:
Կարդացեք նաև
Ցուրտը կը շարունակուի։ 120 հազար հայորդիներ պաշարուած կը մնան, սննդանիւթի, դեղերու եւ այլ կենսանիւթերու տագնապները կը դառնան աւելի՛ խայթող, Արցախի մնացեալ բեկորը կը մնայ «Դամոկլեան սուր»-երու (այո՛, սուրերո՛ւ) տակ․․․
…Եւ «Կեանքի ճանապարհ»-ը տակաւին կը մնայ փակ։
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: